Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ձերբակալուած Է Վիթալի Բալասանեանը

Ձերբակալուած Է Վիթալի Բալասանեանը

by MassisPost

Արցախի Գլխաւոր Դատախազութեան փտածութեան, սեփականութեան, տնտեսական գործունէութեան եւ պետական ծառայութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով բաժնին մէչ քննարկուած է Արցախի Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամին կողմէ Գլխաւոր Դատախազութիւն ներկայացուած հաղորդումը, որով պարզուած է, որ Արցախի Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 14.06.2021 թուականի որոշմամբ Ասկերան քաղաքի բնակիչ Ա.Բ.-ին նպատակային փոխառութեան պայմանագրով տրամադրուած է 74.500.000 (եօթանասունչորս միլիոն հինգ հարիւր հազար) ՀՀ դրամ փոխառութիւն՝ մեղուաընտանիքներ ձեռք բերելու նպատակով, սակայն փոխառու Ա..Բ.-ի կողմէ նպատակային փոխառութեան պայմանագրով տրամադրուած գումարը օգտագործուած է ոչ-նպատակային, անոնք չեն ուղղուած պայմանագրի պարտադիր պայման հանդիսացող մեղուաընտանիքներու ձեռք բերման, որուն հետեւանքով պետութեան պատճառուած է խոշոր վնաս: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազութիւնը՝ անդրադառնալով Արցախի հերոս Վիթալի Բալասանեանի որդիին մեղադրանքին:

Նկատի ունենալով, որ նիւթերուն մէջ առերեւոյթ առկայ են Արցախի Քրէական Օրէնսգիրքի 199-րդ յօդուածի 1-ին մասով (վարկը ոչ-նպատակային օգտագործելը) նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշեր, 12.07.2023 թուականին յարուցուած է քրէական գործ:

Գործի մինչդատական քրէական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւնը եւ դատավարական ղեկավարումը կ’իրականացնէ Արցախի Գլխաւոր Դատախազութեան փտածութեան, սեփականութեան, տնտեսական գործունէութեան եւ պետական ծառայութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով բաժինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment