Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուի Մէջ Սկսած Է 15 Հայ Գերիներու Վերաքննիչ Բողոքի Քննութիւնը

Պաքուի Մէջ Սկսած Է 15 Հայ Գերիներու Վերաքննիչ Բողոքի Քննութիւնը

by MassisPost

Պաքուի Վերաքննիչ դատարանին մէջ սկսած է Առաջին ատեանին մէջ դատապարտուած 15 հայ գերիներու, այդ շարքին՝ Արցախի նախկին ղեկավարներու հանրային պաշտպաններուն ներկայացուցած բողոքներուն քննութիւնը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ատրպէյճանականան APA գործակալութեան փոխանցմամբ՝ գործը կը քննէ դատաւոր Էլմար Ռահիմովի նախագահութեամբ գործող կազմը։

Պաքուի Զինուորական դատարանը Փետրուարին ցմահ կամ երկարատեւ ազատազրկման դատապարտեց 16 հայ գերիները, անոնց շարքին նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Ատրպէյճանական կողմը զանոնք կը մեղադրէ շարք մը ծանր յօդուածներով, այդ շարքին՝ խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու, ահաբեկչութեան, իշխանութեան բռնի գրաւման եւ այլ մեղադրանքներով։

Ռուբէն Վարդանեանը, որուն գործը առանձին վարոյթով քննուած է, հրաժարած է բողոքարկելէ դատական հայցը։ Հայ գերիներուն շահերը ներկայացնող փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեանը աւելի վաղ «Ազատութեան» փոխանցած էր, որ Վարդանեանը չ’ուզեր ձեւականօրէն ներգրաւուիլ այդ գործընթացին մէջ՝ համարելով այն խեղկատակութիւն։

Փաստաբանները կը պատրաստուին հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներուն հարցով դիմելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։ Սահակեանի խօսքով՝ անոր համար անհրաժեշտ է, որ Պաքուն տրամադրէ դատավճիռներու ամբողջական բնագրերը, ոչ թէ միայն անոնց քաղուածքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment