Միացեալ Նահանգները Nvidia-ի առաջատար արհեստական բանականութեան չիփերու հասանելիությունը Հայաստանի համար օգտագործած է որպէս խթան՝ Երեւանին եւ Պաքուին խաղաղութեան շուրջ նախնական համաձայնութեան հասցնելու
բանակցություններուն մէջ. այս մասին գրած է ամերիկեան «The Wall Street Journal»-ը՝ յղում ընելով բանակցութիւններուն մասնակիցներուն։ Թերթը կ’առանձնացնէ անցեալ ամիս Հրազդանի մէջ բացուած Firebird արհեստական բանականութեան տուեալներու կեդրոնը, որ կը նախատեսուի համալրել Nvidia-ի տասնեակ հազարաւոր առաջատար չիփերով։
WSJ-ի տուեալներով՝ Ուաշինկթընը Հայաստանի համար աւելի հզօր Nvidia չիփերու վաճառքի թոյլտուութիւնը կապած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ու արհեստագիտական յարաբերութիւններու խորացման աւելի լայն առաջարկի հետ։ Թերթը այդ կը ներկայացնէ որպէս ԱՄՆ վարչակազմի այսպէս կոչուած «չիփային դիւանագիտութեան» ամենացայտուն օրինակներէն մէկը։
Հրապարակման համաձայն՝ երբ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմը 2025-ի սկիզբը ստանձնեց իշխանութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը դարձուց արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Ամերիկեան բանակցային խումբը, ըստ WSJ-ի աղբիւրներուն, գնահատած էր, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար միայն հակամարտութեան կարգաւորման ներքաղաքական գինը բարձր է եւ որ համաձայնութիւնը ավելի իրատեսական կը դառնայ, եթէ այն ուղեկցուի Միացեալ Նահանգներու հետ տնտեսական կապերու խորացմամբ։
Այդ առաջարկներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի համար Nvidia-ի աւելի հզօր չիփերու արտահանման թոյլտուութիւնը։
Փաշինեանի խօսնակը WSJ-ին ըսած է, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը կառավարութեան «ամենակարեւոր խոստումը» եղած է եւ որ վարչապետը այդ ուղղութեամբ գործելու «յստակ մանտաթ» ունի հանրութենէն։ Անոր խօսքով՝ 2025-ի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած երկկողմ համաձայնագրերը, այդ շարքին՝ կիսահաղորդիչներու եւ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ յուշագիրը, Հայաստանի համար «խաղաղութեան կարեւոր միաւորներ»
են։


