Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Կ’առաջարկէ Հանրութեան Գերակայ Շահ Ճանչնալ ՀԷՑ-ի 100% Բաժնետոմսերը

Կառավարութիւնը Կ’առաջարկէ Հանրութեան Գերակայ Շահ Ճանչնալ ՀԷՑ-ի 100% Բաժնետոմսերը

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշման նախագիծ մշակած է «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան 100 տոկոս բաժնետոմսերը հանրութեան գերակայ շահ ճանչնալու եւ պետականացնելու վերաբերեալ՝ արտօնագրի դադրեցումէն եւ սեփականատէրերու կողմէ պետական գնման առաջարկը անպատասխան թողնելէ յետոյ։ Որոշման նախագիծը Սեպտեմբեր 9-ին հրապարակուած է Իրաւական որոշումներու նախագծերու հրապարակման միասնական կայքին մէջ։

Ըստ փաստաթուղթի հիմնաւորումներուն՝ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը 2025-ի Նոյեմբեր 17-ի որոշմամբ դադրեցուցած էր ՀԷՑ-ի Ելեկտրուժի բաշխման արտօնագրիի գործողութիւնը։ Անկէ յետոյ՝ 2026-ի Փետրուար 17-ին, կառավարութիւնը բաժնետէրերուն ներկայացուցած էր բաժնետոմսերը համաձայնեցուած կարգով օտարելու առաջարկ, որուն արձագանգ չէ ստացուած սահմանուած ժամկէտի մէջ։

Նախագիծով սահմանուած է, որ բաժնետոմսեր ձեռքբերողը պիտի հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ օտարման գործընթացը պիտի համակարգէ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը։ Սեփականութեան օտարման գործընթացը մեկնարկելու վերջնաժամկէտ սահմանուած է 2027-ի Մայիս 1-ը, իսկ բուն օտարման գործընթացը կը նախատեսուի իրականացնել 2027-ի Յուլիս 1-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1։

Գործադիրը որոշումը կը հիմնաւորէ ազգային անվտանգութեան ապահովման, աւելի քան մէկ միլիոն սպառողներու անխափան ելեկտրամատակարարման եւ ռազմավարական ենթակառուցուածքներուն նկատմամբ կայուն պետական վերահսկողութիւն սահմանելու անհրաժեշտութեամբ։ Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ ընկերութեան մէջ կիրառուող ժամանակաւոր կառավարման միջոցը չի կրնար փոխարինել երկարաժամկէտ գոյքային վերահսկողութեան։

Օտարումը պիտի իրականացուի նախնական եւ համարժէք փոխհատուցմամբ։ Որոշումը ուժի մէջ մտնելէ յետոյ նախարարութիւնը երկու ամսուան մէջ պիտի կազմէ գոյքի նկարագրութեան արձանագրութիւնը, որմէ յետոյ եռամսեայ ժամկէտի մէջ պիտի կազմակերպուի բաժնետոմսերու շուկայական արժէքի գնահատումը։ Բաժնետէրերը նոյնպէս իրաւունք պիտի ունենան ներկայացնելու անկախ գնահատման հաշուետուութիւն կամ բողոքարկելու արձանագրութիւնը դատական կարգով։

Համաձայն նախագիծին կից ցանկին՝ ՀԷՑ-ը ունի 246.423 հասարակ անուանական բաժնետոմս՝ 20.674.889.700 դրամ ընդհանուր անուանական արժէքով։ Բաժնետոմսերուն 69.99 տոկոսը (172.496 հատ, որոնց ձայնի իրաւունքը նշուած է որպէս սառեցուած) կը պատկանի «Տաշիր Կապիտալ» ընկերութեան, իսկ 30 տոկոսը (73.927 հատ)՝ Կիպրոսի մէջ գրանցուած «Լիորմանդ Հոլդինգս Լիմիթեդ» ընկերութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment