Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուի Մէջ Հայերու Դատավարութիւնները Չեն Համապատասխաներ Արդար Դատաքննութեան Պահանջներուն. ICJ

Պաքուի Մէջ Հայերու Դատավարութիւնները Չեն Համապատասխաներ Արդար Դատաքննութեան Պահանջներուն. ICJ

by MassisPost

Իրաւաբաններու միջազգային յանձնաժողովը (International Commission of Jurists) Ատրպէյճանի մէջ արդարադատութեան համակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ զեկոյց հրապարակած է՝  «Արդարադատութիւնը ճնշման ներքոյ․ փաստաբաններու անկախութիւնը եւ արդար դատաքննութեան իրաւունքը Ատրպէյճանի մէջ» թեմայով:

Քննարկելով Ատրպէյճանի արդարադատութեան համակարգին մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներն ու խախտումները՝ զեկոյցին մէջ  մանրամասնօրէն վերլուծուած են Պաքուի մէջ դատուող հայերու դէմ իրականացուած դատավարութիւնները՝ միջազգային
չափանիշերու լոյսին ներքոյ։ «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաներուն դէմ իրականացուող դատավարութիւնները այս մտահոգութիւնները կը ներկայացնեն իրենց ամենասուր դրսեւորմամբ»,- կը նշուի զեկոյցին մէջ։

Յստակ կ’արձանագրուի, որ այդ դատավարութիւնները չեն համապատասխաներ մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն։

Հրապարակային հասանելի աղբիւրներու համաձայն՝  հայերու դատավարութիւնները ուղեկցուած են այնպիսի գործելակերպերով, որոնք կը խախտեն արդար դատաքննութեան հիմնարար երաշխիքները:  Անոնք կայացած են Ռազմական դատարանի մէջ՝ առանց որեւէ հիմնաւորման, թէ ինչու քաղաքացիական անձերու նկատմամբ պէտք է կիրառուէր ռազմական իրաւազօրութիւն։

Մեղադրեալները զրկուած են իրենց ընտրած փաստաբանի արդիւնաւէտ օգնութենէն։ Պետութեան կողմէ նշանակուած փաստաբանները չեն արձագանգած վատ վերաբերմունքի այն ապացոյցներուն, որոնց անձամբ ականատես եղած են։ Գործին նիւթերը կամ չեն տրամադրուած, կամ տրամադրուած են այնպիսի լեզուով, որ մեղադրեալները չեն հասկցած։ Պաշտպանութեան միջնորդութիւնները համակարգուած կերպով մերժուած են՝ առանց հիմնաւորման, եւ չեն ներառուած
դատավարութեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Թարգմանութիւնը եղած է անբաւարար կամ ընդհանրապէս բացակայած է, իսկ հանրային հասանելիութիւնը, այդ շարքին՝ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու համար, մերժուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment