Ներքին գործերու նախարարութիւնը կ’առաջարկէ 5 անգամով թանկացնել ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու եւ 10 անգամով՝ անկէ հրաժարելու պետական տուրքը՝ հասցնելով համապատասխանաբար 250.000 եւ 1,5 միլիոն դրամի։ Համապատասխան նախագիծը հանրային քննարկման ներկայացուած է։
Շրջանառութեան մէջ դրուած օրէնսդրական նախագիծով քաղաքացիութիւն ստանալու վճարը հիմնական տուրքի 50-ապատիկէն (50.000 դրամ) կը բարձրացուի մինչեւ 250-ապատիկ (250.000 դրամ), իսկ քաղաքացիութիւնը դադրեցնելունը՝ 150-ապատիկէն (150.000 դրամ) մինչեւ 1500-ապատիկ (1,5 միլիոն դրամ): Կ’առաջարկուի նաեւ խստացնել երկրին մէջ փաստացի բնակութեան պահանջները:
Նախատեսուող փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն 2028-ի Յունուար 1-էն: Մինչ այդ ներկայացուած դիմումները պիտի քննուին ներկայիս գործող կանոններով:
Ըստ նախագիծին՝ ընդհանուր հիմունքներով քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմորդը վերջին 5 տարուան մէջ պէտք է ունենայ օրինական բնակութեան իրաւունք եւ այդ ընթացքին առնուազն 915 օր փաստացի գտնուած ըլլայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ տիրապետէ հայերէնին եւ ծանօթ ըլլայ Սահմանադրութեան: ՀՀ քաղաքացիի հետ առնուազն 2 տարուայ գրանցուած ամուսնութիւն ունեցողներու, քաղաքացի զաւակ կամ ծնող ունեցողներու, ինչպէս նաեւ փախստականներու համար կը սահմանուի 3 տարվայ օրինական բնակութեան եւ առնուազն 549 օր փաստացի ներկայութեան պահանջ:
Ազգութեամբ հայերը քաղաքացիութիւն պիտի ստանան միայն Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելէ յետոյ, ինչ որ կ’ենթադրէ վերջին 2 տարուան մէջ օրինական բնակութիւն եւ առնուազն 366 օր փաստացի ներկայութիւն: Ազգութիւնը հաստատելու է Ներքին գործերու նախարարութեան յատուկ յանձնաժողովը՝ փաստաթուղթերու, արխիւային տուեալներու եւ եկեղեցական կամ համայնքային վկայականներու հիման վրայ: Նախապէս քաղաքացիութիւնը դադրեցուցած անձեր անոր վերականգնման համար կրնան դիմել միայն 5 տարի անց՝ դիմելու պահուն վերջին 2 տարուան մէջ առնուազն 366 օր Հայաստանի մէջ բնակած ըլլալու պայմանով:
Գործընթացը պիտի կազմակերպուի ելեկտրոնային համակարգով: Քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին նախագահին հրամանագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 տարուայ ընթացքին երդման բնագիրը ստորագրելու պահէն: Պետական անվտանգութեան կամ հասարակական կարգի սպառնալիքի հիմքով դիմումը մերժելու նախագահի որոշումը փոփոխման ենթակայ պիտի չըլլայ վարչական կամ դատական կարգով:

