Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Անոր Փոխկապակցուած Եօթը Անձի Գոյքերու Նկատմամբ Կիրառուած Է Հայցի Նախնական Ապահովման Միջոց

Ռոպերթ Քոչարեանի Եւ Անոր Փոխկապակցուած Եօթը Անձի Գոյքերու Նկատմամբ Կիրառուած Է Հայցի Նախնական Ապահովման Միջոց

by MassisPost

Հայցի նախնական ապահովման միջոցներ կիրառուած են Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր փոխկապակցուած եօթը անձի (ընտանիքի անդամներ՝ կին, զաւակներ, անոնց ամուսիններ) գոյքերու նկատմամբ Հակափտածութեան Դատարանին որոշմամբ։

Որոշումը ընդունուած է Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան դիմումի հիման վրայ։

Ուսումնասիրութեան նախնական արդիւնքներով ապօրինի դիտուած են եւ ենթակայ են բռնագանձման՝ 20 միաւոր անշարժ գոյք՝ առաւելապէս Երեւանի Կեդրոնը գտնուող շէնքերու մէջ, 2 փոխադրութեան միջոց, մասնակցութիւն հայաստանեան եւ արտասահմանեան 18 իրաւաբանական անձերու մէջ, աւելի քան 1,5 միլիոն տոլարի աւանդներ եւ արժեթուղթեր, շուրջ 10 միլիառ դրամի ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու տրամադրուած փոխառութիւններ, շուրջ 22 միլիառ դրամ, որ կը ներկայացնէ ապօրինի ծագում ունեցող դրամական միջոցներու մնացորդի, բարեխիղճ երրորդ անձերու փոխանցուած միջոցներու եւ այլ ծախսուած միջոցներու հանրագումար, որ չէ նոյնականացուած, նշուած է Դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment