Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մեխանիզմը չէր կրնար գործարկուիլ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան ընթացքին, քանի որ Հայաստանը այդ տարածքը չէր ճանչնար ոչ որպէս իր մաս, ոչ ալ որպէս անկախ պետութիւն․ «Գվարդեյսկ» երիտասարդական համագումարին յայտարարած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Կար պատմութիւն Հայաստանի հետ, որ կարծես կ’ըսէր. «Եկէք գործարկենք ՀԱՊԿ մեխանիզմը»։ Իսկ ըստ էութեան՝ որո՞ւն եւ ինչի՞ նկատմամբ։ Այն տարածքին՝ Լեռնային Ղարաբաղին, որ ինքը՝ Հայաստանը, ցաւօք, բարեբախտաբար այդ իմ հարցը չէ, այդ իրենց՝ Երեւանինն է, չէր ճանչնար ոչ իրենը, ոչ ալ անկախ»,- ըսած է Զախարովա։
Արձագանգելով Մոսկուայի յայտարարութեան՝ Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ պնդած է, թէ Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչին խօսքերը «կ’աղաւաղեն իրականութիւնը»։
Պաքուի ներկայացուցիչին խօսքով՝ «ղարաբաղեան տարածաշրջանը միջազգային հանրութեան, այդ շարքին՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ միշտ ճանչցուած է Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս»։
Ըստ Հաճիզատէի՝ տարածքներուն նկատմամբ ՀԱՊԿ մեխանիզմներու կիրառման հարցը օրակարգին վրայ պահելու փորձերը եւ ատիկա Հայաստանի կողմէ ճանաչման կամ չճանաչման հետ կապելը կը հակասեն Ռուսաստանի պաշտօնական դիրքորոշման եւ անհիմն են։

