Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանին Զայրացուցած Է ԵԽ Բանաձեւը. ԵՄ Դեսպանը Կանչուած Է ԱԳՆ, Որոշուած Է Խզել Եւրոխորհրդարանի Հետ Պաքուի Կապերը

Ատրպէյճանին Զայրացուցած Է ԵԽ Բանաձեւը. ԵՄ Դեսպանը Կանչուած Է ԱԳՆ, Որոշուած Է Խզել Եւրոխորհրդարանի Հետ Պաքուի Կապերը

by MassisPost

Մայիս 1-ին Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Մարիանա Քույունչիչը կանչուած է Արտաքին գործերու նախարարութիւն Հայաստանի վերաբերեալ բանաձեւ ընդունելու պատճառով:

Բանաձեւը սաստիկ զայրացուցած է պաշտօնական Պաքուին, երկրի ԱԳՆ-ն հաղորդագրութիւն հրապարակած է՝ նշելով, թէ «Պաքուն խստօրէն դատապարտած է Եւրախորհրդարանի՝ երէկ ընդունած բանաձեւի «անհիմն եւ կողմնակալ դրոյթները», եւ դեսպանին ներկայացուած է բողոքագիր»:

Նախօրէին Եւրոպական Խորհրդարանը «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան» բանաձեւով վերահաստատած էր իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներուն՝ ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ հայ գերիներու պահումը Ատրպէյճանի մէջ եւ կը պահանջէ անոնց անյապաղ ազատ արձակում։

Ատրպէյճանը, սակայն, կը կարծէ, թէ Ղարաբաղէն հայերը հեռացած են ինքնակամ, այնտեղ մշակութային ժառանգութիւնը չի ոչնչացուիր, իսկ ռազմագերիները արձակած եւ ուղարկած են հայրենիք՝ Պաքուի բանտերուն մէջ թողելով միայն «ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները»:

Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ որոշուած է դադրեցնել Միլի Մեճլիսի բոլոր կապերը Եւրոխորհրդարանին հետ։  Նաեւ պիտի սկսի «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին Միլլի Մեճլիսի անդամակցութեան դադրեցման ընթացակարգ։

Մեճլիսի խօսնակ Սահիպա Կաֆարովան յայտնած է, որ խորհրդարանը նախապէս ալ ստիպուած եղած էր կասեցնելու յարաբերութիւնները Եւրոխորհրդարանի կողմէ կողմնակալ փաստաթուղթերու ընդունման պատճառով, սակայն Եւրոխորհրդարանի համապատասխան ջանքերէն յետոյ՝ 2016 թուականի Սեպտեմբերին, որոշում կայացուած էր յարաբերութիւններու վերականգնման մասին։

«Ցաւօք, անցած 10 տարիները ցոյց տուին, որ Եւրոպական Խորհրդարանը մտադիր չէ հրաժարելու Ատրպէյճանի նկատմամբ կողմնակալ գործունէութենէն։ Մեր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը ա՛լ աւելի աշխուժացուցած է Եւրոխորհրդարանի գործողութիւնները Ատրպէյճանի դէմ։ Այս ամէնը ցոյց կու տայ, թէ իրականութեան մէջ ինչ յարաչափերու վրայ հիմնուած է տուեալ կառոյցի գործունէութիւնը»,- յայտնած է Կաֆարովան:

Ան յայտնած է, թէ Միլլի Մեճլիսը փաստաթուղթ պիտի ընդունի Եւրոպական Խորհրդարանի «հակաատրպէյճանական գործունէութեան» առիթով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment