Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10-ին ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիկ. Աննա Աւետիսեանին։
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան Գլխաւոր Հիւպատոսին յանձնեց Հայաստանի Անկախութեան 35-ին նուիրուած փառատօնի հրաւէր, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 20-ին Կլէնտէլի «Վերտուկօ Փարքէն» ներս։
Տիկին Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրի համար ու այս առթիւ բարձր գնահատեց Հնչակեան Կուսակցութեան պետականամէտ ու առողջ կեցուածքը, որուն մօտէն ծանօթ է։
Ընկեր Խաչատուրեան իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց Հիւպատոսութեան հետ մնայուն կապ ունենալու եւ համագործակցելու՝ ի շահ Հայրենիքին։
Ապա, կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսահայ համայնքէն ներս պարզուող երեւոյթներու մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակի ու ներքին ու արտաքին գետնի վրայ արձանագրուող յաջողութիւններուն։ Կողմերը միակարծիք էին, որ ներկայիս, տնտեսական գետնի վրայ Հայաստան կը գտնուի վերելքի մէջ, որ իր դրական ազդեցութիւնը կ’ունենայ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման առումով։
Հանդիպումին ներկայ էր Հիւպատոսութեան քարտուղար՝ Մայրամ Խաչէեան։
ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միհրան Խաչատուրեան, Ռուբէն Մուղալեան, Կարինէ Տէփոյեան եւ Գրիգոր Խոտանեան։

