Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քանդուած Են Ստեփանակերտի Մայր Տաճարն Ու Սուրբ Յակոբ Եկեղեցին

Քանդուած Են Ստեփանակերտի Մայր Տաճարն Ու Սուրբ Յակոբ Եկեղեցին

by MassisPost

Երկու «ապօրինի կառոյցներու» քանդումը չի կրնար դիտարկուիլ որպէս կրօնական կամ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, յայտարարած են Պաքուէն՝ հաստատելով, որ Ստեփանակերտի Մայր տաճարն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցին այլեւս չկան։ «Ազատութեան» Փրակի գրասենեակին մէջ արբանեակային թարմ լուսանկարները վերլուծած են. յստակ կ’երեւի, որ հսկայ մայր տաճարին տեղը սպիտակ սալայատակն է, Սուրբ Յակոբի տեղը՝ սեւ հող։

Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը պատասխանած է Մայր Աթոռի օրեր առաջ տարածած հաղորդագրութեան, որուն մէջ խստօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող՝ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը։ Պաքուն կը յայտարարէ, որ այս երկու եկեղեցիները «բռնագրաւման խորհրդանիշներ էին»։

«Հայրենի տարածքներ վերադարձող նախկին հարկադիր տեղահանուածները բազմիցս դիմած են պետական մարմիններուն, դատական ատեաններուն՝ բռնագրաւման ընթացքին կառուցուած շինութիւններու քանդման պահանջով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Այդ ովքե՞ր կը վերադառնան․ Ստեփանակերտի մէջ շատ քիչ էին ատրպէյճանցիները եւ կ’ապրէին Կրկժանի վերին թաղը եւ ոչ թէ եկեղեցւոյ թաղերուն մէջ, կը հակադարձէ Արցախի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը։

«Ստեփանակերտում միշտ էլ հայ բնակչութիւնը ոչ թէ մեծամասնություն է կազմել, այլ եղել է գերակշռող, այսինքն՝ Ստեփանակերտը միշտ եղել է մեծամասամբ հայաբնակ քաղաք: Ատրպէյճանցիներն ապրել են որոշակիօրէն Կրկժանի վերին թաղում, եղել են տարբեր շրջաններից բերուած 1960-ականներին, որպէսզի փոխեն ԼՂԻՄ-ի ժողովրդագրական իրավիճակը: Այնպէս որ, Կովկասցի մահմետականների միութեան յայտարարութիւնն իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Յովհաննիսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment