Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանը Կը ՓորձԷ Բնապահպանական Բնոյթի Մեղադրանքներ Ներկայացնել Երեւանին. Փաշինեան

Ատրպէյճանը Կը ՓորձԷ Բնապահպանական Բնոյթի Մեղադրանքներ Ներկայացնել Երեւանին. Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական մակարդակով կը փորձէ բնապահպանական բնոյթի մեղադրանքներ ներկայացնել Երեւանին, կառավարութեան նիստին յայտնեց վարչապետ Փաշինեան՝ ըստ էութեան արձագանգելով աւելի քան 2 տասնեակ ատրպէյճանական հասարակական կազմակերպութիւններու՝ Հայաստանի խոշոր հանքարդիւնաբերական ընկերութիւններու գործունէութիւնը դադրեցնելու պահանջին։

«Ընդ որում՝ սրա համար Ատրպէյճանը Հայաստանին վերագրում է հանքավայրեր, որոնք պարզապէս գոյութիւն չունեն, բարձրաձայնում է հանգամանքներ, որոնք մտացածին են»,  յայտնեց վարչապետը:

Անցեալ շաբաթ ատրպէյճանական 24 հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք իրենց բնապահպաններ եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներ կը ներկայացնեն, բաց նամակով դիմած էին վարչապետ Փաշինեանին՝ պահանջելով կասեցնել Հայաստանի շարք մը մետաղաձուլական ընկերութիւններուն աշխատանքը։ Անոնք, իրենց պնդմամբ, բնապահպանական միջազգային չափանիշերուն չեն համապատասխաներ։

Ատրպէյճանցի բնապահպանները կը նշեն, թէ հանքավայրերու շահագործումը կը վտանգէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հարեւան երկիրներու շրջակայ միջավայրը: Ատրպէյճանական հասարակական կազմակերպութիւնները 12 հանքավայրի մասին կը նշեն, ցանկին մէջ են, օրինակ, Քաջարանի պղնձամոլիպտենային գործարանը, Սոթքի ոսկիի հանքը, տակաւինս չշահագործուող Ամուլսարը, Երասխի մէջ կառուցուող մետաղաձուլական գործարանը։ Անոնք վարչապետին կը խնդրեն բանալ Հայաստանի բոլոր հանքավայրերուն դռները ատրպէյճանցի փորձագէտներուն առջեւ ու ապահովել բոլոր պայմանները այնտեղ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար:

«Հայաստանի պետական եւ մասնաւոր հատուածի կազմակերպութիւններն, ի հարկէ, հատ-հատ ի ցոյց են դնում եւ կը շարունակեն ի ցոյց դնել Ատրպէյճանի մեղադրանքների մտացածին լինելը», ըսաւ Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեան թեմային վերաբերեալ երկար չխօսեցաւ, միայն մէկ ցուցանիշով կիսուեցաւ. ԱՄՆ Եէյլի համալսարանի պետութիւններու բնապահպանական վիճակին վերաբերեալ 2022 թուականի զեկոյցին մէջ Հայաստանը 56-րդն է 180 երկիրներու շարքին, Ատրպէյճանը՝ 104-ը:

«Վարկանիշային աղիւսակը չափում է պետութեան ձեռքբերումները բնապահպանական վիճակի տեսանկիւնից, հիմնւում է բնական պաշարների կառավարման 22 ցուցանիշների եւ 10 դասակարգերի վրայ», ընդգծեց կառավարութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment