Հայաստանի պետական պարտքը ընթացիկ տարուայ առաջին կիսամեակին դրամային արտայայտութեամբ նուազած է 3,5%-ով՝ Յունիս 30-ի դրութեամբ կազմելով 5,1 թրիլիոն դրամ: Սա պայմանաւորուած է եկամուտներու առաջանցիկ աճով եւ փոխարժէքի տատանումներով: Ազգային ժողովի Կինանսավարկային եւ պիւտճէական յանձնաժողովի նիստին, Սեպտեմբեր 9-ին, այդ մասին յայտնած է ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը՝ ներկայացնելով պետական պիւտճէի կատարման ընթացքը։
Նախորդ տարուայ Դեկտեմբերի վերջը 5,3 թրիլիոն դրամի համեմատ արձանագրուած այս նուազումը ուղեկցուած է նաեւ տոլարային արտայայտմամբ պարտքի չնչին նուազմամբ, որ կազմած է 13,9 միլիառ տոլար: Նախարարը պարզաբանած է, որ կառավարութիւնը գիտակցաբար դանդաղեցուցած է նոր փոխառութիւններու ներգրաւումը՝ ելլելով պիւտճէական բարենպաստ իրավիճակէն:
Տեղական շուկային մէջ պարտատոմսերու նկատմամբ պահանջարկը գերազանցած է տեղաբաշխման ցուցանիշը 2,8 անգամ՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի կրկնակիին փոխարէն։ Միաժամանակ, դրամային պարտքի թղթապանակին մէջ ոչ-բնակիչներու կշիռը աճած է 3,5%-ով՝ հասնելով 11%-ի: Ըստ նախարարին, սա կը վկայէ հայկական դրամային պարտատոմսերու նկատմամբ միջազգային հաստատութենական ներդրողներու աճող հետաքրքրութեան մասին։
Բարելաւուած են նաեւ արտաքին պարտքի սպասարկման պայմանները, նշած է Յովհաննիսեան ու յաւելած, որ առաջին կիսամեակին արտաքին վարկերու վերաբերեալ տոկոսավճարները կազմած են մինչեւ 75,2 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուայ 81.5 միլիոնին դիմաց:
Անոր զուգահեռ, Հայաստանի եվրոպարտատոմսերու եկամտաբերութիւնը նուազած է աւելի քան 1%-ով, որ կը վկայէ երկրի վտանգայնութեան մակարդակի նուազման մասին։ «Ես ուրախ եմ ասել, որ հիմա նոյնպէս կարող ենք ասել, որ վտանգի
պատմականօրէն ցած յաւելավճարներ ունենք»,- ընդգծած է Յովհաննիսեան՝ մանրամասնելով, որ 2026, 2031 եւ 2035 թուականներուն մարող եւրոպարտատոմսերու եկամտաբերութիւնը կը կազմէ համապատասխանաբար 5,4%,
5,7% եւ 6,1%:

