Ատրպէյճանի արտաքին գործերո նախարար Ճէյհուն Պայրամով Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը կրկին կապած է Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւններուն հետ։ Այդ մասին ան խօսած է ատրպէյճանցի լրագրողներու հետ ճեպազրույցի ընթացքին՝ նշելով, որ Պաքուի դիրքորոշումը անփոփոխ է այդ հարցով։
«Նոր սահմանադրութեան ընդունման ժամանակացոյցը Հայաստանի ներքին գործն է։ Հայաստանի վարչապետը ընտրութիւններէն [խորհրդարանական] յետոյ ուղերձ յղած է, որ սահմանադրութեան բնագիրը հասակարութեան պիտի ներկայացուի ընթացիկ տարուայ վերջ»,- յայտնած է Պայրամով։
Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձած է նաեւ «Թրամփի ուղի» (TRIPP) նախագիծին՝ յայտարարելով, որ հաղորդուղիին կառուցումը առանց Ատրպէյճանի անհնար է։
«ԱՄՆ-ի գործընկերները Ատրպէյճանին պարբերաբար կը տեղեկացնեն TRIPP-ի ընթացքին մասին։ Եւ ատիկա շատ բնական է, քանի որ առանց Ատրպէյճանի մասնակցութեան այդ կապուղիին իրագործումը անհնարին է։ Մեզի տեղեկացուցած են, որ աշխատանքները կը շարունակուին, իսկ շինարարութիւնը պիտի սկսի 2027 թուականին»,- նշած է Պայրամով։
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալեն Սեպտեմբեր 8-ին Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամատովին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղ գործընթացի յառաջմղման, երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերը, քննարկուած է նաեւ TRIPP-ի իրագործումը։

