Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ձերբակալութիւնները մեծ աղմուկ յառաջացուցին՝ նկատի ունենալով, որ անոնց շարքին ընդգրկուած էին նախկին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու յայտնի անձնաւորութիւններ։
Ընդդիմադիր շրջանակները անմիջապէս այս գործողութիւնները որակեցին որպէս քաղաքական պատուէր եւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ հաշուեյարդար՝ հակառակորդներուն դէմ։
Նախ պէտք է յիշեցնել, որ Փաշինեան նոր չէ, որ պետութենէն գողցուածը վերադարձնելու մասին կը բարձրաձայնէր։ Տարիներէ ի վեր ան կը խօսի այդ մասին, ու բազմաթիւ օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարուած են այդ նպատակով։ Սակայն այդ ուղղութեամբ առնուած բոլոր քայլերը չեն տուած ակնկալուած արդիւնքը։ Ի բացառութիւն որոշ պարագաներու, երբ ապօրինի ձեռք ձգուած որոշ անշարժ գոյքեր վերադարձուած են պետութեան, զարտուղի միջոցներով կուտակուած հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու հարստութեան ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անորոշ։
Հետեւաբար, որ պահուն որ ալ իրաւապահ մարմինները գործողութիւններ ձեռնարկեն այդ ուղղութեամբ, պիտի գտնուին շրջանակներ, որոնք պիտի փորձեն զանոնք ներկայացնել որպէս քաղաքական պատուէր։ Եթէ իսկապէս այդպէս ըլլար պարագան, առաջին օրէն իսկ այդ մարդիկ ուսումնասիրուած պիտի ըլլային, ու անոնց հարստութիւնը վերադարձուած՝ պետութեան։ Սակայն, կառչելով «թաւիշին» ու ժողովրդավարութեան՝ առիթ տրուեցաւ, որ այդ բոլորը իրենց ընթացքը ստանան օրէնքի սահմաններուն մէջ։
Սակայն վարչապետը ինք եւս կը խոստովանի, որ խնդիրներ կան քննչական մարմիններու եւ դատարաններու հետ, ուր գործերը կը ձգձգուին ամիսներով ու տարիներով, մինչեւ որ լրանան վաղեմութեան ժամկէտները։
Վերջին մի քանի ամիսներուն արդէն իսկ բացայայտուեցան Գագիկ Ծառուկեանի անծայրածիր հարստութեան որոշ ծալքերը, որոնց շարքին՝ ուրիշներուն շորթելով ու խաբեբայութեամբ անոնց ունեցուածքին տիրանալու դրուագները։ Մարդ, որ իր գիտելիքներով ու մտային կարողութեամբ չի փայլիր, կարողացած է նախ տէր դառնալ պետութեան պատկանող «Արարատ» սիմենթի խոշոր գործարանին եւ ապա տասնեակ իրարմէ տարբեր ոլորտներու մէջ մտնել, ինչպէս՝ գինիի գործարան, գազինօ, մարզասրահներ, հիւրանոցային համալիրներ, կահոյքի գործարան, ու տակաւին շարքը շատ երկար է։
Ծառուկեան կուտակած է մեծ հարստութիւն, որուն մէկ չնչին մասը կը բաժնէ որպէս բարեգործութիւն, իսկ մէկ մասը ընտրութենէ ընտրութիւն կ’օգտագործէ քուէարկողները կաշառելու համար։
Հակափտածութեան Կոմիտէի համաձայն, Քոչարեաններուն հետ կապուած ապօրինութիւններուն ամիսներ շարունակ աշխատած են մի քանի տասնեակ քննիչներ։ Հետեւաբար, վարչապետի մէկ յայտարարութեամբ կարելի չէր այդ բոլորը մէկ օրուան մէջ հաւաքել ու մեղադրանքներ ներկայացնել։
Օրինակներ տալով՝ Կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ Քոչարեանի որդին «Թոյոթա» ընկերութեան 30 տոկոսի բաժնետէր դարձած է իր հօր կառավարութեան որոշումով ընկերութեան սեփականատիրոջը տրուած արտօնութիւններուն դիմաց։ Մէկ այլ որդին 6 միլիոն տոլար ստացած է հանքի վաճառքի դիմաց, թէեւ ան երբեք հանք չէ ունեցած։ 19 տարեկան աղջկայ մը չնչին գնով վաճառուած է պետական կալուած, որ հետագային անցած է Քոչարեաններու սեփականութեան։ Նոյնը կրկնուած է այդ աղջկան քրոջ հետ, եւ հոն ալ պետութեան պատկանող կալուածը ձեռքէ ձեռք անցնելով յայտնուած է Քոչարեաններուն մօտ։
Այսպիսի մի քանի տասնեակ օրինակներ կան, որոնք դժուար թէ կարենան ժխտել Ռոբերտ Քոչարեանն ու իր որդիները, որոնք 20 տարեկանին արդէն իսկ դարձած էին տոլարային միլիոնատէրեր։
Եթէ այս գործերը ըլլային քաղաքական պատուէրի հետեւանք, Փաշինեան կրնար այդ ընել ընտրութիւններէն առաջ ու հանգիստ ապահովել իր ուզած մեծամասնութիւնը։ Հակառակ որ կային մարդիկ, որոնք կը պահանջէին արգիլել կաշառք բաժնող կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն, կառավարութիւնը չդիմեց այդ քայլին՝ ձգելով, որ դատարանները որոշեն, ինչպէս վարուիլ անոնց հետ։
Ժողովրդային պոռթկումի հետեւանքով տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ութ տարիներ ետք, Ռոբերտ Քոչարեանի ու Սերժ Սարգսեանի քսանամեայ իշխանութեան տարիներուն տեղի ունեցած պետական թալանի ու ապօրինի հարստացման դէպքերու բացայայտման գծով հասարակութեան սպասելիքներն ու ակնկալութիւնները մինչեւ օրս չեն իրականացած, ու ժողովուրդը կը շարունակէ այս թերացումին համար մեղադրել գործող իշխանութիւններուն։
Պէտք է բոլորին համար հասկնալի ըլլայ, որ թալանուածի վերադարձը նախեւառաջ ժողովրդային պահանջն է եւ կապ չունի քաղաքական հաշուեյարդարի հետ։
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

