Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս սկսաւ քննարկուիլ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը` տարբեր բնագաւառներէ ներս: Ծրագրի արտաքին քաղաքականութեան բաժինը կը ներկայանայ իր առանձնայատկութիւններով, որոնք կու գան հաստատելու թէ բազմաբեւեռ տարբերակը անշրջելի վարդապետութիւն պիտի դառնայ նոր կառավարութեան համար: Ծրագրին մէջ ներառուած դրոյթներու շարքին են Ատրպէյճանի հետ հաստատուած խաղաղութեան ամրապնդումը, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղումը, Իրանի հետ ռազմավարական բնոյթ ունեցող յարաբերութիւններու խորացումը, Վրաստանի հետ ռազմավարական գործակցութեան խորացումը, Եւրոպական Միութեան հետ ռազմավարական գործակցութեան խորացումը, ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական գործակցութեան խորացումը, ու վերջապէս Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ գործընկերային յարաբերութիւններու վերափոխումն ու խորացումը:
Ինչպէս կը տեսնուի, կառավարութիւնը բազմաշերտ այս մօտեցումներով կը փորձէ դիմագրաւել երկրի առջեւ ծառացած ե’ւ անվտանգութեան հետ առնչուող, ե’ւ տնտեսութեան վերաբերող մարտահրաւէրները` առանց կախեալ ըլլալու մէկ երկրէն եւ կամ միջազգային կառոյցէ:
Ատրպէյճանի հետ հաստատուած ոչ վերջնական խաղաղութեան ամրապնդումը առաջնահերթութիւն մըն է, որուն համար Հայաստան կը կատարէ որոշ զիջումներ, սակայն երկարաժամկէտ առումով այդ կարեւոր քայլ է երկրի զարգացման ու ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման առումներով: Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու յստակացումը: Այսօր, մենք ուզենք կամ ոչ, Թուրքիան դարձած է կարեւոր խաղացող ու ազդեցիկ երկիր տարածաշրջանէն ներս ու անկէ անդին: Սփիւռքի մէջ մենք կրնանք հետապնդել մեր պահանջատիրական նպատակները, սակայն պէտք չէ ակնկալենք, որ Հայաստան որպէս պետութիւն նոյն նպատակները հետապնդէ: Պէտք է կարողանանք զատորոշել պետական մտածողութիւնը` անհատական մօտեցումներէն:
Իրանը եւ Վրաստանը երկու հարեւան երկիրներ են, որոնց միջոցաւ է, որ շրջափակման մէջ յայտնուած Հայաստանը կը բացուի աշխարհին: Այդ երկու երկիրներուն հետ կապերու խորացումը առաջնահերթութիւն է, որ Երեւան իր վարած ճկուն քաղաքականութեամբ կը յաջողի իրագործել: Իրանի դէմ Ամերիկայի մղած անհեռանկար պատերազմին բեկորները կրնան ազդել Հայաստանի վրայ եւս, եթէ Ուաշինկթըն գործադրութեան դնէ Իրանը ամբողջական շրջափակման ենթարկելու ծրագիրները:
Գալով Եւրոպային ու Միացեալ Նահանգներուն` այդ երկուքը վերջին տարիներուն, յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմներէն ետք, Հայաստանի համար դարձան փրկութեան օղակ, ու անոնց շնորհիւ է, որ Երեւան կարողացաւ անցում կատարել դէպի բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն եւ այժմ առաջին քայլերը կը նետէ դէպի տնտեսական զանազանեցում եւ իր արտադրանքը դէպի այլ շուկաներ հասցնելու գծով:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, առաջին հերթին կը նկատուի, որ այդ երկրի հետ յարաբերութիւնները կը բնութագրուին որպէս գործընկերային եւ ոչ թէ ռազմավարական, ինչպէս որ եղած է տասնամեակներէ ի վեր: Վերջին տարիներուն Ռուսաստանի վարած ոչ հայանպաստ քաղաքականութիւնը հասած է կէտի մը, որ երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային կապերը դրուած են հարցականներու տակ: Այդ տեղի ունեցաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած զարգացումներու լոյսին տակ, երբ դաշնակից նկատուող կողմերէն մէկը ոչ միայն զլացաւ կատարել պայմանագիրներով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնը, այլ ընդհակառակը, գործեց իր դաշնակցի շահերուն դէմ ու կը շարունակէ նոյն ընթացքը` տնտեսական պատերազմ յայտարարելով Հայաստանի դէմ, ու ներքին գործերուն խառնուելով` կը փորձէ ժողովուրդի կամքին հակառակ իշխանութիւն ու կառավարութիւն ձեւաւորել Երեւանի մէջ:
Քրեմլինը չի կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ տարածութեամբ փոքրիկ, սակայն մարդկային կարողութիւններով հարուստ Հայաստանը կը յանդգնի դուրս գալ իր ուղեծիրէն ու սկսի վարել իր երկրի շահերէն մեկնած արտաքին քաղաքականութիւն:
ՍԴՀԿ կը բաժնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական տեսլականները ու կոչ կþընէ սփիւռքահայութեան լայն զանգուածներուն զօրավիգ կանգնելու ու սատար հանդիսանալու Հայրենի պետականութեան որդեգրած ծրագիրներուն:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

