Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յունուար 1-էն Կը Նկատուի Ղարաբաղէն Տեղահանուած Անձերու Կողմէ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Դիմելիութեան Աճ

Յունուար 1-էն Կը Նկատուի Ղարաբաղէն Տեղահանուած Անձերու Կողմէ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Դիմելիութեան Աճ

by MassisPost

Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու եւ ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին մեկնարկած են «ՀՀ 2025 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութեան նախնական քննարկումները:

ՀՀ ներքին գործերու նախարարի տեղակալ Արմէն Մկրտչեան ամփոփ ներկայացուցած է Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերու կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներկայացուած դիմումներու մասով տուեալները:

«Ընդհանուր թուով ՀՀ քաղաքացիութիւն է ձեռք բերել Ղարաբաղից տեղահանուած 39 հազար 650 անձ, որից 27 հազար 296 անձի ՀՀ նախագահի հրամանագրով շնորհուել է ՀՀ քաղաքացիութիւն: Մերժման դէպքեր չեն եղել»,- յայտնած է ան:

Մկրտչեանի խօսքով՝ քաղաքացիութեան գործերու ելեկտրոնային կառավարման համակարգի նոր թուային համակարգի գործարկման պահէն այս տարուայ Յունուար 1-էն կը նկատուի Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերու կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմելիութեան աճ․ մասնաւորապէս այս տարուայ Յունիս ամսուայ սկիզբի դրութեամբ թիւը կազմած է 11 հազար 146:

«Ղարաբաղից տեղահանուած անչափահաս անձանց թիւը կազմել է 28 հազար, որից շուրջ 12 հազար անչափահասի տրուել է ՀՀ քաղաքացիութիւն»,- տեղեկացուցած է փոխնախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment