Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր ձեւաչափը կը տեսնէ ոչ թէ փոխադարձ խորհրդատուուեան կամ օգնութեան, այլ Հայաստանի զարգացման օրակարգի շուրջ գործընկերութեան մէջ։ Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին Փաշինեան որպէս այդպիսի համագործակցութեան օրինակներ առանձնացրած է Firebird AI-ի, TUMO-ի եւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի՝ COAF-ի ծրագրերը։
Անդրադառնալով «Ուժեղ Սփիւռքը կը նշանակէ ուժեղ Հայաստան» բանաձեւի շուրջ վերջին քննարկումներուն՝ վարչապետը նախ հարց բարձրացուց, թէ ինչ կ’ենթադրուի «Ուժեղ Սփիւռք» ըսելով։
Անոր խօսքով՝ ներգաղթի քաղաքականութիւնը արդէն արդիւնքներ կու տայ, եւ հաւանականութիւն կայ, որ Հայաստանը երկրորդ տարին անընդմէջ արտագաղթի փոխարէն ներգաղթային միտում արձանագրէ։
Փաշինեան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նախապէս եղած խնդիրներուն մէկ մասը կապեց նաեւ պետութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բնոյթի ոչ-լիարժէք ընկալման հետ։
Անոր գնահատմամբ՝ նման ընկալումը կրնայ նաեւ յարաբերութիւններուն մէջլարուածութեանհիմքստեղծել։
Վարչապետը խօսեցաւ նաեւ Սփիւռքի՝ Հայաստանի եւ այլ պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած ազդեցութեան մասին՝ նշելով, որ այդ ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալերկկողմ։
Անդրադառնալով Սփիւռքի տնտեսական աջակցութեան նախկին ձեւերուն՝ վարչապետը կրկին յիշատակեց Հայաստան ուղարկուող օգտագործուած ապրանքներութեման։
Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայիս ցանկալի ձեւաչափը զարգացման ծրագրերուն մէջմասնակցութիւննէ։
Փաշինեանի խօսքով՝ կառավարութիւնը պատրաստ է խոր համագործակցութեան այն նախաձեռնութիւններուն հետ, որոնք կը համընկնին Հայաստանի պետական օրակարգին եւ կառավարութեանռազմավարութեան։

