Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մայիս 1-ի Դրութեամբ Հայաստանէն Հեռացած Է 15.045 Արցախցի, 7.418-ը՝ 2020-էն Յետոյ

Մայիս 1-ի Դրութեամբ Հայաստանէն Հեռացած Է 15.045 Արցախցի, 7.418-ը՝ 2020-էն Յետոյ

by MassisPost

Մայիս 1-ի դրութեամբ Հայաստանէն մեկնած է 47.063 բռնի տեղահանուած արցախցի, որոնցմէ վերադարձած է 32.018-ը։ Այսինքն՝ 2023-ի սեպտեմբերեան բռնի տեղահանութենէն յետոյ 15.045 արցախցի հեռացած եւ (դեռ) չէ վերադարձած Հայաստան։ Նախորդ ամսուայ համեմատ հեռացածներուն թիւը աւելցած է 109-ով։

Միեւնոյն ժամանակ, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն «Սիվիլնեթ»ի գրաւոր հարցումին պատասխանեցին, որ 2020-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 2023-ի Սեպտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին Հայաստանէն «070» ծածկագիր ունեցող անձնագրով մեկնած է 26.882 անձ, վերադարձած՝ 19.464-ը։ Այսինքն՝ այդ ժամանակահատուածին հեռացած արցախցիներուն թիւը կը կազմէ 7.418 անձ։

Կը մեծնայ նաեւ ՀՀ նոր անձնագրեր ստացողներուն թիւը։ Ըստ Ներքին գործերու նախարարութեան՝ Ապրիլ ամսուայ դրութեամբ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է աւելի քան 25 հազար արցախցի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment