Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Էմանուէլ Մաքրոն Քննարկած Են Տարբեր Ուղղութիւններով Հայաստան-Ֆրանսա Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Էմանուէլ Մաքրոն Քննարկած Են Տարբեր Ուղղութիւններով Հայաստան-Ֆրանսա Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը: Մինչ հանդիպումը կայացած է ՀՀ վարչապետի դիմավւորման արարողութիւնը:

Էմանուէլ Մաքրոն շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին առաջին Միջազգային տիեզերական գագաթաժողովին մասնակցութեան հրաւէրը ընդունելու համար: Ֆրանսայի նախագահը կարեւորած է երկկողմ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը բոլոր ուղղութիւններով՝ համահունչ ռազմավարական համագործակցութեան երկկողմ հռչակագրին:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրիպն եւ ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ կարեւորելով տիեզերական ոլորտին մէջ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան խորացումը: Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը հետաքրքրուած է այս ուղղութեամբ աւելի առարկայական գործընկերութեամբ:

Զրուցակիցները ընդգծած են, որ տնտեսական համագործակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան առաջնային ուղղութիւններէն է։ Այս ծիրէն ներս, կողմերը շեշտած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ տնտեսութեան ոլորտին մէջ բազմազանեցման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Գոհունակութեամբ արձանագրուած է, որ Պարկուշաթի փապուղիի կառուցման աշխատանքները թեւակոխած են առարկայական փուլ: Այդ առումով, կարեւորուած է շինարարական աշխատանքներուն հնարաւորինս շուտ մեկնարկը:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն: Ընդգծուած է խաղաղութեան ամրապնդման միտուած քայլերու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment