Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պետական Դաւաճանութիւն Կատարած Անձը Դատապարտուած Է 10 Տարուան Բանտարկութեան

Պետական Դաւաճանութիւն Կատարած Անձը Դատապարտուած Է 10 Տարուան Բանտարկութեան

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը դռնփակ դատական նիստ ընթացքին քննութեան առնելով քրէական գործը ըստ մեղադրանքի Արզիկ Յարութիւնեանի՝ նախատեսուած  ԱՀ քրէական օրէնսգիրքի 310-րդ յօդուածի 1-ին մասով (Պետական դաւաճանութիւնը), 2023 թուականի Յուլիս 11-ի դատավճիռով Ա. Յարութիւնեանը մեղաւոր ճանչցած է  պետական դաւաճանութիւն կատարելու մէջ։

Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Դատախազութենէն` ի լրումն դատախազութեան կայքին մէջ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին  տեղադրուած՝ «Պետական  դաւաճանութեան ենթադրեալ դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան» վերտառութեամբ հաղորդագրութեան։

Կառոյցին տեղեկատուութեամբ` անոր նկատմամբ նշանակուած է պատիժ՝ բանտարկութիւն 10   տարի ժամկէտով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment