Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Էրտողան. «2025-ին Ռուս Խաղաղապահները Պէտք Է Հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն»

Էրտողան. «2025-ին Ռուս Խաղաղապահները Պէտք Է Հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յայտնած է, թէ 2025 թուականին ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն»:

Անոր խօսքով, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պէտք է Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ըլլայ 5 տարի։

«2025-ին Ռուսաստանը պէտք է հեռանայ այդ տարածքէն: Այդ գրուած է համաձայնագրին մէջ, եւ ես կը հաւատամ, որ Ռուսաստանը պիտի կատարէ անոր պահանջը», յայտնած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Այդ մեկնաբանութիւններով Էրտողան հանդէս եկած է Վիլնիւսի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի աւարտէն յետոյ տեղի ունեցած ասուլիսոի ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment