Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքըն Ալիեւի Հետ Հեռախօսազրոյցին Կարեւորած Է Փոխզիջումն Ու Լաչինի Միջանցքով Անխափան Տեղաշարժը

Պլինքըն Ալիեւի Հետ Հեռախօսազրոյցին Կարեւորած Է Փոխզիջումն Ու Լաչինի Միջանցքով Անխափան Տեղաշարժը

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն զանգահարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ Պլինքըն յայտնած է Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժուելու անհրաժեշտութեան մասին: «Պետական քարտուղար Պլինքըն ընդգծած է Լաչինի միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու անխափան տեղաշարժման կարեւորութիւնը»: Այս մասին յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան Մամուլի Ծառայութիւնը։

Ինչպէս հաղորդած է Պետական Քարտուղարութեան Մամուլի Ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլլըրը, Պլինքըն իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններու խաղաղ կարգաւորման՝ յայտնելով «քննարկումներուն մէջ ստեղծարար մօտեցման, ճկունութեան եւ փոխզիջման անհրաժեշտութեան մասին»:

Աւելի վաղ Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Միւս կողմէ, ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Պաքուի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամով Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման ժամանակ բաւական նեղցուցած են այն հարցերու շրջանակը, որոնք դեռ կը մնան չլուծուած։

«Երբ կ’ըսենք, որ մօտ է, նկատի ունինք, որ անոնք զգալի յառաջընթաց արձանագրած են շարք մը հարցերու շուրջ։ Նոյնիսկ վերջին հանդիպման ժամանակ անոնք նեղցուցած են այն հարցերուն շրջանակը, որոնք կը մնան չլուծուած։ Այնպէս որ, մենք կարծում ենք, որ հաշուի առնելով լուծման ենթակայ խնդիրներու թիւի նուազումը՝ համաձայնութիւնը մօտ է», ըսած է Մեթիու Միլլըր։

Դիւանագէտը շեշտած է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար երկու կողմերն ալ պէտք է փոխզիջման պատրաստակամութիւն ունենան։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Պաքուի արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ յաջորդ բանակցութիւններուն, Միլլըր նշած է, որ առայժմ նման հանդիպում ծրագրաւորուած չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment