Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հանրապետութեան ԱԱԾ Յայտարարութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան ԱԱԾ Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները ընկերային ցանցերու միջոցով հերթական տեղեկատուական գրոհը սկսած են Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան հանդէպ։ Հայերէն գրառումներով կը փորձեն «քաղաքացիությեան», «բարձր աշխատավարձի», «իրաւունքներու պաշտպանուածութեան» վերաբերեալ կեղծ թեզերով ու խոստումներով հոգեբանական ճնշում գործադրել եւ խուճապ տարածել բնակչութեան մէջ։

Մէկ այլ հրապարակումով ատրպէյճանական օգտատէրերը տարածած են պատերազմին ենթադրաբար մասնակցած՝ Արցախի բնակիչներու ցանկ՝ կեղծ մեղադրանքներով:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կոչ կ’ընէ չարձագանգելու նման գրառումներու, չհրապարակելու Արցախի քաղաքացիներու անձնական տուեալներ, չտրուելու կեղծ լուրերու, պահպանելու սառնասրտութիւն եւ հետեւելու պաշտօնական լրահոսին։

Կասկածելի բնոյթի գրառումներու հանդիպելու պարագային անյապաղ դիմել Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կամ զանգահարել թէժ գիծի հեռախօսահամարներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment