Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Caucasus Heritage Watch-ը Կ’ահազանգոէ՝ Շուշիի Կանաչ Ժամ Եկեղեցին Այլեւս Չկայ

Caucasus Heritage Watch-ը Կ’ահազանգոէ՝ Շուշիի Կանաչ Ժամ Եկեղեցին Այլեւս Չկայ

by MassisPost

Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch հետազօտական նախաձեռնութիւնը կ’ահազանգէ՝ 2023 թուականի Դեկտեմբեր 28-էն մինչեւ 2024 թուականի Ապրիլ 4-ը ինկած ժամանակահատուածին աւերուած է Շուշիի 177-ամեայ յուշարձան Սբ. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին։

Նախաձեռնութիւնը կը նշէ, որ այս կերպ Ատրպէյճանը կոպտօրէն խախտած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբերի որոշումը։

ՄԱԿ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի վճիռով Ադրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել 2020 թուականի հակամարտութեան հետ առնչութիւն ունեցող գերեվարուած բոլոր մարդոց անվտանգութիւնը, ձեռնարկել բոլոր քայլերը` կանխելու ցեղապաշտական ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումն ու նպաստումը, այդ շարքին` պաշտօնեաներու եւ հանրային հիմնարկներու կողմէ, որոնք կը թիրախաւորեն ծագումով հայ մարդիկը, ինչպէս նաեւ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի դրսեւորումները հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ, ներառեալ` պաշտամունքի վայրերը, յուշարձանները, գերեզմանատները եւ այլն։

Caucasus Heritage Watch-ը կը նշէ, որ Կանաչ ժամ (կանաչ մատուռ) կոչուող եկեղեցին հայերը կառուցած են 1847 թուականին։ Այն վնասուած է 2020 թուականի պատերազմին ժամանակ։ Պատերազմէն յետոյ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Պաքուի թեմը խոստացած էր վերականգնել զայն, սակայն, փաստ է, որ այսօր եկեղեցին չկայ։

Զանգակատան մուտքին մօտ հայկական արձանագրութիւններ կան, նշուած է, որ «Աբ. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կառուցուած է Շուշի քաղաքի պարոն Յովհաննէս եւ Բաբա Ստեփանեան Հովնանենցի կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ եղբօր՝ Մկրտիչի, 1847 թուականին»։

Փորձագէտները բազմիցս ահազանգած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական հետքը վերացնելու մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եկեղեցիներուն վրայէն նաեւ խաչերը կը հեռացուին, պատմական կոթողներ կը վերացուին։

Տարբեր հաշուարկներով՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է 4000- 6000 յուշարձան, այդ շարքին՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր, ամրոցներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment