Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կ’ուզեմ Զգուշաւոր Լաւատեսութիւն Յայտնել Յառաջիկային Սպասուող Բանակցութիւններուն Առումով․ Միրզոյեան

Կ’ուզեմ Զգուշաւոր Լաւատեսութիւն Յայտնել Յառաջիկային Սպասուող Բանակցութիւններուն Առումով․ Միրզոյեան

by MassisPost

Նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները Մայիս 10-ին բանակցութիւններ պիտի ունենան Ալմաթիի մէջ (Ղազախստան):

«Անկեղծօրէն, կառուցողական եւ բարի կամքով ենք ներգրաւուած բանակցութիւններում եւ վստահ ենք, որ խաղաղութեան հաստատումը բխում է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի շահերից։ Ուզում եմ զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնել յառաջիկայում սպասուող բանակցութիւնների առումով»:

Հունգարիոյ արտաքին գործերու եւ առեւտուրի նախարարին հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով ատրպէյճանցի լրագրողի հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է այս տարի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը, եւ ո՞ր կէտերն են, որ կ’արձանագրեն երկու երկիրներու դիրքորոշումներուն տարբերութիւնները:

Արձագանգելով ատրպէյճանցի լրագրողի ձեւակերպման, թէ կարծես խաղաղութեան պայմանագրի մասով առաջարկուող փոփոխութիւններու գործընթացը «փինկ-փոնկ դիւանագիտութիւն» ըլլայ, երբ գնդակը մէկ խաղադաշտէն կը տեղափոխուի միւս խաղադաշտ՝ Միրզոյեան ըսաւ․

«Ես, որքան նկատեցի, գուցէ կատակով, գուցէ հեգնանքով «փինկ-փոնկ» դիւանագիտութիւն անուանեցիք մեր հանդիպումները եւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները, բայց այդ նոյն «փինկ-փոնկ» դիւանագիտութեան շրջանակում արդէն յաջողուել է համաձայնութեան գալ բազմաթիւ յօդուածների ու հարցերի շուրջ, նաեւ մեր սահմանային յանձնաժողովներն են հանդիպում, երկու երկրների ղեկավարներն են հանդիպումներ ունեցել եւ կրկին համաձայնութեան եկել առանցքային հարցերի շուրջ։

«Նրանք համաձայնությեան են եկել սկզբունքի շուրջ, 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ փոխադարձաբար վերահաստատել են միմեանց տարածքների ճանաչումը, նաեւ այն, որ սահմանազատումը պէտք է տեղի ունենայ 1991 թուականի հռչակագրին համապատասխան:

«Ինչ վերաբերում է փոխադրական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմանը, ապա այս հարցում կողմերի միջեւ դեռ լիարժէք փոխըմբռնում չկայ: Բայց ունենք Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը՝ բացելու բոլոր փոխադրական ենթակառուցուածքները եւ հաղորդակցութիւնն Ատրպէյճանի հետ՝ հիմնուած երկրների ինքնիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան վրայ, ինչպէս նաեւ փոխադարձությեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներին համաձայն։

«Եւ հիմա եթէ մեզ յաջողուի այս ամէնը յստակօրէն արձանագրել նաեւ խաղաղութեան պայմանագրում, կարող ենք ասել, որ մենք հասնում ենք տեղ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման առումով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment