Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախէն Հայաստան Տեղափոխուած Սարգիս Գալստեանը Կալանաւորուած Է

Արցախէն Հայաստան Տեղափոխուած Սարգիս Գալստեանը Կալանաւորուած Է

by MassisPost

Մարտ 29-ին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին ուղեկցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած անձեր Սարգիս Գալստեանն ու անոր կինը՝ Մարգարիտա Շահնազարեանն են:

Ըստ մամուլին մէջ տարածուող տեղեկութիւններուն՝ Գալստեանը Գորիսի մէջ ձերբակալուած է։

Աւելի ուշ, ՀՀ Քննչական Կոմիտէի մամուլի քարտուղար Գոռ Աբրահամեանը շարք մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց մէկ անձի ձերբակալման մասին տեղեկութիւնը՝ մանրամասնելով, որ անոր մեղադրանք առաջադրուած է լրտեսութեան յօդուածով։

Այլ մանրամասնութիւններ Աբրահամեանը չէ յայտնած՝ ելլելով նախաքննութեան շահերէն։

Աւելի վաղ, մամուլին մէջ տեղեկութիւններ շրջանառուած էին, որ Ատրպէյճանը Սարգիս Գալստեանը նշանակած էր Ստեփանակերտի պարէտ: Լուրը, սակայն, պաշտօնական հաստատում չստացաւ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment