Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Պատժէ ԼՂ-ի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Պատասխանատուները. Ինյարիթու

Միջազգային Հանրութիւնը Պէտք Է Պատժէ ԼՂ-ի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Պատասխանատուները. Ինյարիթու

by MassisPost

Սպանացի պատգամաւոր Ճոն Ինյարիթուն կը կարծէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ կամ այլ պատիժ սահմանէ այն անձերուն կամ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ապագայ խախտումները կանխելու համար։

«Ըստ երեւոյթին, սա այն գիծն է, որ կ’առաջարկուի Եւրոխորհրդարանին կողմէ։ Այդուհանդերձ, ես այդքան ալ լաւատես չեմ այս հարցով՝ հաշուի առնելով, որ Ալիեւի վարչակարգը 2020-2023 թուականներուն կազմակերպած է ԼՂ-ի ամբողջ բնակչութեան ցեղային զտում, սակայն պատժամիջոցներ չեն ընդունուած», «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան՝ ափսոսանք յայտնած է սպանացի պատգամաւորը:

Անդրադառնալով միջազգային հանրութենէն ակնկալուող յստակ քայլերուն՝ պատգամաւորը շեշտած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող խախտումներուն եւ վանտալիզմին վերջ դնելը կը պահանջէ բազմակողմանի մօտեցում՝ ներգրաւելով ինչպէս դիւանագիտական ու իրաւական, այնպէս ալ մշակութային ջանքեր:

«Թէեւ միջազգային հանրութիւնը դիւանագիտական երկխօսութեան մէջ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ՝ ձգտելով հասնելու վերջնական խաղաղութեան, այդուհանդերձ, առանց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ գետնի վրայ իրավիճակը վերահսկող անկախ միջազգային դիտորդական մեխանիզմներու, անհնար պիտի ըլլայ պաշտպանել տեղի հայկական ժառանգութիւնը», ընդգծած է պատգամաւորը։

Ճոն Ինյարիթուի կարծիքով՝ հայկական կողմը եւս այստեղ ընելիքներ ունի, եւ անհրաժեշտ է, որ օգտագործէ բոլոր օրինական միջազգային հարթակները եւ հիմնարկները՝ ինչպիսիք են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը, որոնք պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկեն Ատրպէյճանը մշակութային այս նոր ոչնչացման համար։

«Քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է խրախուսէ մշակութային կրթութեան եւ իրազեկման ծրագրերը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ միջազգային մակարդակով: Լրատուամիջոցներու, հանրային իրազեկման քարոզարշաւներու միջոցով պէտք է բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան մասին իրազեկուածութիւնը», յաւելած է պատգամաւորը։

2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական բռնագրաւումէն յետոյ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ոչնչացնել եւ վանտալիզմի ենթարկել հազարաւոր տարիներու հայկական պատմամշակութային  ժառանգութիւնը։ Ատրպէյճանցի զինուորները կը պղծեն եւ կ’ոչնչացնեն ինչպէս հայկական յուշարձանները, այնպէս ալ գերեզմանատուները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment