Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայիս 8-ին Փութին-Փաշինեան Հանդիպում Մոսկուայի Մէջ

Մայիս 8-ին Փութին-Փաշինեան Հանդիպում Մոսկուայի Մէջ

Փաշինեան Պիտի Չմասնակցի Փութինի Երդմնակալութեան Արարողութեան

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը Մայիս 8-ին հանդիպում պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը։

«Վերջին ժամանակներս Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ խնդրայարոյց հարցեր կուտակուած են, որոնք, ինչպէս կ’ակնկալենք, պիտի քննարկեն ղեկավարները»,- ըսած է Ռուսաստանի նախագահին օգնականը։

 Փաշինեան Պիտի Չմասնակցի Փութինի Երդմնակալութեան Արարողութեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Ռուսաստանի վերընտրուած նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Մայիսի 7-ին կայանալիք երդմնակալութեան արարողութեան։

Այս մասին Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը։

Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց․ «Կարծում եմ՝ որպէս նախագահող՝ ԵԱՏՄ նիստին պէտք է մասնակցենք»։

Նշենք, որ ԵԱՏՄ յոբելենական գագաթաժողովը նախատեսուած է Մայիս 8-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment