Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախցիներուն Վերադարձը Միայն Ռուսերուն Երաշխաւորութեամբ Նպատակայարմար Չէ. Արցախի ՄԻՊ

Արցախցիներուն Վերադարձը Միայն Ռուսերուն Երաշխաւորութեամբ Նպատակայարմար Չէ. Արցախի ՄԻՊ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութիւնը միայն ռուսական կողմին երաշխաւորութեամբ նպատակայարմար չէ, յայտարարած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։

«Միեւնոյն ժամանակ, իմ կարծիքն այնպիսին է, որ միջազգային երաշխիքներ են պէտք: Այսինքն՝ 20 թուականից յետոյ Արցախում ներդրուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միայն այդ երաշխիքը պատմութիւնը ցոյց տվեց, որ բաւարար չէ Արցախում անվտանգութիւն ապահովելու համար», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընդգծեց Գեղամ Ստեփանեանը:

Ռուսաստանէն վերջին օրերուն կը յայտարարեն, թէ ատրպէյճանական կողմին հետ կը քննարկեն հայ բնակչութեան՝ Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները ու առանց յստակութիւններու նշում, թէ հնարաւոր վերադարձը պէտք է իրականացուի մարդոց «իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պատշաճ ապահովմամբ»:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը բացասաբար կը վերաբերի այս յայտարարութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղը ինքնակամ լքելու մասին ռուս պաշտօնեաներու պնդումները կը համարէ մանիփուլացիա։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը գտնուել է տեղում, եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը առաջինը պէտք է լինէր, որ փաստագրէր, որ մարդիկ հեռացել են ֆիզիքական ոչնչացման իրական սպառնալիքի ներքոյ, 24 ժամ տեւած ռազմական գործողութիւններից յետոյ: Պէտք է ասեմ, որ ակնկալիքը հէնց նաեւ այն էր, որ հէնց առաջինը խաղաղապահ զօրակազմը պէտք է գնահատական տար այդ ցեղային զտումներին եւ ոչ թէ դա որակուէր որպէս ինքնակամ հեռացում», նշեց Գեղամ Ստեփանեան:

Այն, որ ռուս խաղաղապահները ատրպէյճանական յարձակման ժամանակ եղած են դիտորդի կարգավիճակի մէջ, Հայաստան գալէ մօտ մէկ ամիս անց պնդած էր նաեւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment