Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեան 6-րդ Կէտով Ամրագրուած Կարգը Պէտք Է Վերականգնուի․ Փաշինեան

Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեան 6-րդ Կէտով Ամրագրուած Կարգը Պէտք Է Վերականգնուի․ Փաշինեան

by MassisPost

Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով ամրագրուած կարգը պէտք է վերականգնուի, «Euronews» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման։

Արդէն շուրջ 7 ամիսէ Ատրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը։

Յիշեցնելով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի՝ Լաչինի միջանցքը բանալու մասին 2023-ի Փետրուար 22-ի եւ Յուլիս 6-ի որոշումները՝ վարչապետը կրկին արձանագրած է, որ միջազգային բարձրագոյն դատական ատեանի իրաւաբական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումները Ատրպէյճանի կողմէ մինչ օրս չեն կատարուած։

Վարչապետը խօսած է նաեւ մարդասիրական ճգնաժամի, գերիներու ու պահուող անձերու վերադարձին, ինչպէս նաեւ միջազգային մեխանիզմի ներքոյ Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment