Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտընի Օգնականը Վերահաստատած Է ԱՄՆ Աջակցութիւնը Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ինքնիշխանութեան

Պայտընի Օգնականը Վերահաստատած Է ԱՄՆ Աջակցութիւնը Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ինքնիշխանութեան

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահի յատուկ հարցերով օգնական Մայքըլ Քարփենթըրը Ուաշինկթընի մէջ գտնուող հայ օրէնսդիրներու հետ հանդիպման ընթացքին վերահաստատած է Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։

Ան ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացը՝ հիմնուած Ալմա-աթայի հռչակագրին վրայ։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւորները հանդիպում ունեցած են նաեւ Ներկայացուցիչներու Պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Եւրոպայի ենթայանձնաժողովի նախագահ Թոմաս Քինի, ԱՄՆ ծերակուտականներ Շելտոն Ուայթհաուսի եւ Ալեքս Փատիլայի հետ: Անոնց ներկայացուցած են Երեւան-Պաքու խաղաղութեան գործընթացը` կարեւորելով Նահանգներու գործուն աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման:

Քննարկուած է Հայաստանի կողմէ առաջ քաշուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը, որ, ըստ կառավարութեան՝ կրնայ դառնալ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու բարգաւաճման առանցքային գործօն: Այս նախաձեռնութեան Պաքուն չէ արձագանգած, որեւէ դիրքորոշում չէ յայտնած։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախորդ շաբաթ զրուցելով, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ընդգծած էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարգաւաճ, ժողովրդավարական եւ անկախ ապագայի վերաբերեալ տեսլականին աջակցելու ջանքերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment