Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանը Կատարելագործած Է Հայաստան Մատակարարուած Հրետանային Համակարգերը

Հնդկաստանը Կատարելագործած Է Հայաստան Մատակարարուած Հրետանային Համակարգերը

by MassisPost

Հայաստանի կողմէ վերջերս ձեռք բերուած հնդկական արտադրութեան 155 մմ/52 հրետանային համակարգերը (ATAGS) արդիականացուած են սպառազինութիւն արտադրող հնդկական «Bharat Forge»-ի կողմէ՝ օգտագործման յարմարաւէտութեան համար:

Այս մասին յայտնած է «Indian Defense Research Wing»-ը` յղում ընելով ընկերութեան տնօրէն Պապա Գալիանիին:

Հրետանային համալիրներուն մէջ տեղադրուած են պարզեցուած ինթերֆէյսով պալիստիկ համակարգիչներ, որոնք կը նուազեցնեն հրետանային հաշուարկներու սխալելու հաւանականութիւնը:

Պալիստիկ համակարգիչները նաեւ ցամաքային նավիկէյշըն համակարգերու հետ համարկում կ’ապահովեն, ինչ որ թոյլ կու տայ աւելի ճշգրիտ նշանառութիւն կատարել:

Ըստ աղբիւրին՝ ATAGS-ները կրնան յարմարեցուիլ Հայաստանի արբանեակային համակարգին միանալու համար, ինչ որ կրնայ թոյլ տալ օգտագործել թիրախաւորման ալ աւելի յառաջադէմ հնարաւորութիւններ: Յարմարեցնելով ATAGS ինթերֆէյսը եւ համարկելով նավիկէյշընը՝ Հնդկաստանը ցոյց կու տայ իր յանձնառութիւնը գործընկեր երկիրներուն օգտագործման համար յարմար եւ յարմարուող ռազմական լուծումներ տրամադրելու հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment