Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Ամերիկեան Լոպպիստներու Օգնութեամբ Կը Փորձէ Միլիոնաւոր Տոլարներ Ստանալ Պայտընի Վարչակազմէն. Politico

Պաքուն Ամերիկեան Լոպպիստներու Օգնութեամբ Կը Փորձէ Միլիոնաւոր Տոլարներ Ստանալ Պայտընի Վարչակազմէն. Politico

by MassisPost

Ալիեւի վարչակազմը ամերիկեան լոպպիստական ընկերութեան միջոցով կը փորձէ Միացեալ Նահանգներէն միլիոնաւոր տոլարի օգնութիւն ստանալ, կը գրէ «Politico» պարբերականը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները K Street ընկերութեան օգնութեան դիմած են հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ անորոշութեան լոյսին տակ։

Ամերիկեան թերթը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութիւնը սրած է Սեպտեմբերին, երբ Ատրպէյճանը յարձակեցաւ եւ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ, ինչի հետեւանքով աւելի քան 100 հազար հայեր՝ ցեղասպանութեան ենթարկուելու մտավախութենէն դրդուած լքեցին իրենց տուները:

«[ԱՄՆ] օրէնսդիրները ի պատասխան փորձեցին արգելափակել 2025-ի ֆինանսական տարուան մէջ Ատրպէյճանին տրամադրուող ԱՄՆ արտաքին օգնութիւնը։ Լոպպիստական ջանքերուն մէկ մասը ուղղուած է Ներկայացուցիչներու Տան մէջ այդ միջոցառման յառաջխաղացումը կանխելուն»,- կը գրէ «Politico»-ն։

Նոյեմբերին ԱՄՆ Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը արգելափակող օրինագիծը։ Առաջարկը ներկայացուցած էր ծերակուտական Կերի Փիթըրզը, որ յայտնած էր՝ իր նախաձեռնութեան նպատակն է «պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը»: Այժմ առաջարկը Ներկայացուցիչներու Պալատին մէջ է եւ Ալիեւի վարչակազմին օգնող լոպպիստները կոչ կ’ընեն որոշում կայացնողներուն՝ հրաժարելու Պաքուի դէմ քայլերէ։

«Politico»-ի տեղեկութիւններով՝ լոպպիզմով եւ քաղաքական խորհրդատուական գործունէութեամբ յայտնի Friedlander Group-ն ալ ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարարութեան կը փորձէ համոզել, գերատեսչութեան յղած նամակին մէջ՝ պնդելով, թէ «այդ օրինագիծը կը վնասէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին»։

Այդ ընկերութիւնը, ըստ թերթին, նամակին մէջ նաեւ գրած է, թէ ամերիկացի օրէնսդիրները օրէնքի նախագիծին մէջ Ատրպէյճանի դէմ կեղծ մեղադրանքներ ներկայացուցած են՝ «նպատակ ունենալով Միացեալ Նահանգները դարձնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ թշնամանք սերմանող»։ Friedlander Group-ը նաեւ դժգոհած է, թէ ամերիկացի ծերակուտականները նախագիծին մէջ չեն յիշատակած այն, որ «Ատրպէյճանը Միացեալ Նահանգներուն համար առանցքային դաշնակից է», կը փոխանցէ «Politico»-ն։

Ամերիկեան պարբերականին տուեալներով՝ Պաքուն Ուաշինկթընի մէջ իր շահերը յառաջ մղելու դիմաց՝ Friedlander Group-ին վճարած է աւելի քան 800 հազար տոլար․ ընդ որում՝ ֆինանսական փոխանցումները այդ կազմակերպութեան իրականացուած են Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման ամենածանր ամիսներուն՝ Մարտէն մինչեւ Սեպտեմբեր՝ արեւմտեան մայրաքաղաքներէն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հասցէին հնչող քննադատութիւններու լոյսին տակ։

«Politico»-ի ձեռքին տակ յայտնուած փաստաթուղթերուն համաձայն՝ Ալիեւի կառավարութենէն շռայլ վարձատրութիւն ստացած է նաեւ մէկ այլ ամերիկեան լոպպիստական ընկերութիւն՝ BGR Group-ը, որ մասնաւորապէս կը ձգտէր հասնելու քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէէն 15 միլիոն տոլարի յատկացման՝ սա ալ «ականազերծման համար»։

GR Group-ը Նահանգներուն մէջ որոշում կայացնողներուն վրայ ազդելու համար իւրօրինակ փաստարկներ բերած է՝ «Ատրպէյճանը Իսրայէլի դաշնակիցն է»։ Եւ թէեւ Ատրպէյճանը նաեւ Ռուսաստանի մերձաւոր եւ ռազմավարական դաշնակիցն է, Պաքուի վարձած լոպպիստները ամերիկացի պաշտօնեաներուն պատմած են Ուքրանիա ուղարկուած ատրպէյճանական մարդասիրական օգնութեան մասին, եւ, բնականաբար, շեշտած են այն փաստը, որ Ատրպէյճանը կ’օգնէ Եւրոմիութեան նուազեցնել ռուսական կազէն կախուածութիւնը։ Այդ ծառայութիւններուն համար Ալիեւի վարչակազմը BGR Group ընկերութեան 240 հազար տոլար փոխանցած է , կը գրէ «Politico»-ն։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment