Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24-ի Օրը Չծառայեցնենք Քաղաքական Նպատակներու

Ապրիլ 24-ի Օրը Չծառայեցնենք Քաղաքական Նպատակներու

by MassisPost

Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին, հայութիւնը ամենուրէք` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի տարբեր ծայրերը  կը համախմբուի խոնարհելու համար իր 1.5 միլիոն սրբացած նահատակներու պայծառ յիշատակին առջեւ:  Ապրիլ 24-ը այն օրն է երբ բոլորս` մեր քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնելով, ի մի կու գանք` աշխարհին յիշեցնելու Հայ ժողովուրդի ենթարկուած ցեղասպանութեան մասին, միաժամանակ Թուրքիոյ պետութեան ըսելու որ, եղեռնի մեր զոհերը պիտի չմորացուին ու մենք պիտի շարունակենք պահանջել արդարութիւն` մեր նահատակներուն:

Այս տարի կայացած միջոցառումներու ընթացքին դժբախտաբար պարզուած են երեւոյթներ, որոնք յարիր չեն օրուայ խորհուրդին, կը վնասեն ազգային միասնականութեան եւ յաչս օտարներուն կը պարզեն ոչ ցանկալի տխուր երեւոյթներ:

Մոնթրէալի մէջ, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինին կողմէ կազմակերպուած Եղեռնի 109-ամեակին նուիրուած ձեռնարկէն առաջ, պետական երեսփոխաններու,  հայկական երեք կուսակցութիւններու ղեկավարներու եւ այլոց ներկայութեան  ՀՅԴ-ի մի քանի երիտասարդներ սրահ խուժելով անպատուաբեր արտայայտութիւններով դիմած են Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան‘ Անահիտ Յարութիւնեանին:

Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի ՍԴՀԿ Մարմինները դատապարտելով այս արարքները ցաւ կը յայտնեն, որ ՀՅԴ ղեկավարներուն կրաւորական պահուածքին հանդէպ` մանաւանդ անոնց յորդորին, որ ՀՀ դեսպանը զանց ընէ փոխանցել օրուան պատշաճ իր խօսքը, որուն համար յատուկ հրաւիրուած էր ան:

«Դժբախտաբար նմանատիպ ձեռագիրով երկրորդ դէպքն է, որ տեղի կ’ունենայ համագաղութային միջոցառման մը ընթացքին, խաթարելով գաղութին անդորրը, երբ այսօր աւելի քան երբեք խիստ կարեւոր են միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը: Ինչպէս բոլոր դեսպանները, նոյնպէս դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ պէտք չէ պետականութիւնը շփոթել անցեալի, ներկայի ու գալիք ՀՀ իշխանութիւններուն հետ», ըսուած է Հնչակեան   կառոյցներու հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Նման տխուր երեւոյթ պարզուած է նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր այն պահուն երբ Արամ Ա. Վեհափառը կը պատգամէ համախմբուելու եւ միասնականութեամբ յաղթահարելու մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներ անյարգալից արտայայտութիւններ ուղղելով այրած են Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետի նկարը:

Լիբանանի ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինը եւս դատապարտած է այս արարքը, յայտարարելով. «համայն հայութեան համախմբումի եւ միասնականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող Ապրիլ 24-ը քաղաքականացնելու փորձը անարգանք է մեր նահատակներու յիշատակին եւ միմիայն կը նպաստէ գաղութի պառակտման եւ միասնականութեան ոգիի ջլատման»:

Հնչակեան  Կուսակցութիւնը 20 տարի եղած է ընդդիմադիր` Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգերուն: Ան իր մամուլով, բեմերով ու հրապարակային ելոյթներով պայքարած է անոնց` երկիրը կործանումի տանող օլիկարխիկ համակարգին դէմ, սակայն ոչ մէկ ատեն սփիւռքի մէջ չէ դիմած ամբոխավարական քայլերու, որոնք կը վնասեն Հարենիքի պետականութեան ու անոր հեղինակութեան:

Ապրիլ 24-ի առիթով նման դրսեւորումները կը վնասեն մեր ազգային ինքնութեան պահպանման, կը ջլատեն մեր ուժերը եւ կը պղծեն մեր նահատակներու յիշատակը:

Կը յուսանք, որ այս տարին ըլլայ վերջինը ու Ապրիլ 24-ի օրը զերծ մնայ քաղաքական նպատակներու ծառայացնելու գործելաոճէն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment