Home Uncategorized Հայաստանը Չէ Որ Կը Հեռանայ Ռուսաստանէն` Այլ Հակառակը

Հայաստանը Չէ Որ Կը Հեռանայ Ռուսաստանէն` Այլ Հակառակը

by MassisPost

Ռուսաստանի քաղաքական շրջանակները կը շարունակեն ամէնօրեայ հերթականութեամբ դժգոհութիւն յայտնել ու զգուշացնել Երեւանի վարած արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ, որ բացառապէս կը ձգտի ապահովելու  երկրի անվտանգութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելութիւնը` Ատրպէյճանի ամէնօրեայ սպառնալիքներուն դէմ։

«Հայաստանը կը դառնայ աշխարհաքաղաքական խաղարկման առարկայ ԱՄՆ-ի եւ արեւմուտքի կողմէ», ըսած է Ռուսաստանի Դաշնային Խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով կոմիտէի նախագահ Կրիկորի Քարասին։

«Հայաստանը կը վերածեն արեւմուտքի վտանգաւոր ծրագրերու իրագործման գործիքի», յայտարարած է Զախարովա։

«Հայաստանի մէջ 102-րդ ռազմակայանի առկայութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան միակ իրական երաշխիքն Է», յայտնած են Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աղբիւրները։

Իսկ ամենէն զարմանալին Լաւրովի այն յայտարարութիւնն է, ուր ան կ՛ըսէ, թէ ընդդիմութիւն եղած ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան կը ղեկավարէր «Ելք» կարգախօսով շարժումը` ուղղուած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն (ԵԱՏՄ) Հայաստանի դուրս գալուն։  Ռուսաստանի փորձառու դիւանագէտի միտքերու այս շարադրանքը դժուար է վերագրել անոր անտեղեակ ըլլալուն։ Ան պարզապէս կը փորձէ մոլորեցնել հանրային կարծիքը։ «Ալք» դաշինքը, որուն, Փաշինեանի կողքին մաս կը կազմէին «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը, ընտրական դաշինք մըն էր, որ Հայաստանի ժողովուրդին կ՛առաջարկէր ելք` երկրին մէջ տիրող այդ ժամանակուայ տխուր իրավիճակէն։

Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն անմիջապէս ետք, Փաշինեան հրապարակաւ յայտարարեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան մէջ փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ։ Մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը ու  նոյնիսկ անկէ ետք Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները մնացին նոյն մակարդակի վրայ` ինչ որ էր նախորդ իշխանութիւններուն օրօք։

Ամէն ինչ սկսաւ փոխուիլ 2021 թուականի Մայիսէն ետք, երբ  Ատրպէյճան առաջին անգամ ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ու Հայկական բանակը չունէր Ռուսաստանի խոստացած զինատեսակները` որոնց գումարները նախօրօք վճարուած էին։ Այդ պահեն սկսեալ է, որ երկու երկիրներուն  միջեւ ծագեցաւ առաջին ճեղքը։ Երեւան որոշեց վարել բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն ու բազմազանացնել զէնքի մատակարարման իր աղբիւրները։

Երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ խզումը աւելի խորացաւ, երբ 2022-ի Սեպտեմբերին Ատրպէյճան երկրորդ անգամ ներխուժեց Հայաստանի սահմաններէն ներս ու Ռուսաստան ոչ միայն օգնութեան չհասաւ իր դաշնակից ու իր իսկ բնորոշմամբ «եղբայրական» ժողովուրդին, այլ դատապարտումի խօսք անգամ չըսաւ Ատրպէյճանի հասցէին։ Ասոր վրայ աւելցան նաեւ Արցախի ծանօթ դէպքերը ու հայաթափումը` Ռուսաստանի անտարբեր նայուածքին տակ։

Քրեմլինի ներկայ ղեկավարութենէն իր յոյսը կտրած, Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի իր շահերը Փնտռելու այլուր, որքան որ ալ այդ ուղղութեամբ առնուած քայլերը հաճելի չթուի Մոսկուային։

Ռուսաստան տակաւին ունի առիթը վերատեսութեան ենթարկելու Հայաստանի նկատմամբ ցարդ վարած իր քաղաքականութիւնը։ Փոխանակ անդադար դժգոհելու պէտք է առաջարկուին տարբերակներ` Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կապակցութեամբ։ Արդեօ՞ք Մոսկուան պատրաստ է զինելու հայկական բանակը, պատրաստ է դատապարտելու Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, պատրաստ է պահանջելու` Ազերի բանակի հեռացումը Հայաստանի գրաւեալ տարածքներէն, պատրաստ է զգուշացնելու Թուրքիան ատրպէյճանի կողքին ռազմական գործողութիւններուն չմասնակցելու։ Պատասխանը դժբախտաբար յստակ է։ Ռուսաստան ի վիճակը չէ այդ ընելու, քանի որ ան քաղաքական որոշում կայացուցած է իր սայլը կապելու թուրք-ատրպէյճանական ձիուն` անտեսելով Հայ ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող վտանգները։

Եթէ  մեղաւորի Փնտռտուք է որ տեղի կ՛ունենայ, այն կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հայաստանը չԷ որ կը հեռանայ Ռուսաստանէն` այլ տեղի կ՛ունենայ ճիշդ հակառակը։

Ռուսաստանն է որ կը հեռանայ Հայաստանէն

Գ․ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment