Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կառավարութիւնը Աւելի Քան 48 Միլիառ Դրամ Պիտի Յատկացնէ ԼՂ-էն Տեղահանուած Անձերու Աջակցութիւն Տրամադրելու Համար

Կառավարութիւնը Աւելի Քան 48 Միլիառ Դրամ Պիտի Յատկացնէ ԼՂ-էն Տեղահանուած Անձերու Աջակցութիւն Տրամադրելու Համար

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը ընդունած է որոշում, որով կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերու 2023 թ. Հոկտեմբերէն մինչեւ 2024 թ. Դեկտեմբերը ներառեալ ընկերային աջակցութեան տրամադրում՝ ամսական 50000 դրամի չափով կամ 10000 դրամի չափով:

Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան՝ Ապրիլ 12-ի նիստին։

Շահառու հանդիսացող շուրջ 106000 անձերու 2024 թ. Ապրիլ-Դեկտեմբեր եւ նախորդ ամիսներուն համար աջակցութեան գումարը տրամադրելու համար կ’առաջարկուի համապատասխան փոփոխութււններ եւ լրացումներ կատարել նախապէս ընդունած որոշման մէջ: Այդ նպատակին համար ՀՀ պետական պիւտճէէն պիտի յատկացքւի 48,477 միլիառ դրամ:

Փոփոխութիւններ եւ լրացումներ  կատարուած են նաեւ նախապէս ընդունած որոշումներէն մէկուն մէջ՝ 2023 թ. Սեպտեմբեր 19-էն ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած, 2023 թ. Նոյեմբեր 9-ի համապատասխան որոշման շահառու հանդիսացող 4412 անձերու 2023 թուականի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներու ընկերային աջակցութեան գումարները (ամսական 50000 դրամ) տրամադրելու համար: Այդ նպատակին համար պետական պիւտճէէն պիտի յատկացուի 276 միլիոն դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment