Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքըն Ալիեւի Հետ Հեռախօսազրոյցին Ընդգծած Է Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժի Հրատապ Անհրաժեշտութիւնը

Պլինքըն Ալիեւի Հետ Հեռախօսազրոյցին Ընդգծած Է Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժի Հրատապ Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ալիեւին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման առնչութեամբ: Ան ընդգծած է Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկած է մարդասիրական մատակարարումներու այլընտրանքային ուղիները։

Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Մամուլի Ծառայութիւնը։

«Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին առնչութեամբ։ Պետական քարտուղար Պլինքըն շեշտած է Լաչինի միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծած է փոխզիջման անհրաժեշտութիւնը այլընտրանքային ուղիներու հարցով, որպէսզի մարդասիրական մատակարարումները հասնին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment