Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Պաքուի Բանտին Մէջ Պահուող ԼՂ Նախկին Ղեկավարներուն

Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Պաքուի Բանտին Մէջ Պահուող ԼՂ Նախկին Ղեկավարներուն

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Ապրիլին հերթական անգամ այցելած են ատրպէյճանական բանտին մէջ պահուող Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն:

Այդ մասին «ԱՊԱ» ատրպէյճանական լրատուական գործակալութեան փոխանցած է Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովան:

Ըստ անոր՝ ձերբակալուածներուն հետ անհատական հանդիպումներ տեղի ունեցած են, եւ անոնց տրուած է ընտանիքներուն հետ շփուելու հնարաւորութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment