Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հայերու Տեղահանում Եւ Մարդու Իրաւունքներու Լուրջ Խնդիրներ Հայաստանի Մէջ. Պետական Քարտուղարութեան Զեկոյց

Արցախի Հայերու Տեղահանում Եւ Մարդու Իրաւունքներու Լուրջ Խնդիրներ Հայաստանի Մէջ. Պետական Քարտուղարութեան Զեկոյց

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարութիւնը հրապարակած է մարդու իրաւունքներու տարեկան զեկոյցը, որ արձանագրուած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան հետեւանքով 2023-ի աշնան Լեռնային Ղարաբաղէն աւելի քան 100 հազար հայերու տեղահանման փաստը։

Նշուած է, որ այդ յաջորդած է 2022-ի Դեկտեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուայ Սեպտեմբերը Լաչինի միջանցքի փակման, երբ միայն միջազգային մարդասիրական օգնութիւն կը թոյլատրուէր։ Կը հաղորդուէր Լեռնային Ղարաբաղէն միայն դուրս գալու՝ միակողմանի երթեւեկությեան մասին։

Տարուան ընթացքին ատրպէյճանական ուժերը հարուածած են Հայաստանի ներսը որոշակի ենթակառուցուածքներու, մասնաւորապէս Արարատի մարզի Երասխ գիւղին մօտ կառուցող մետաղագործական գործարանի շինարարական հրապարակին, որուն հետեւանքով երկու քաղաքացիական անձ վիրաւորուած է, ըսուած է հաղորդման մէջ։

Ներհայաստանեան խնդիրներուն եւս անդրադարձ կայ. զեկոյցը կը նշէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամրապնդած է փտածութեան դէմ պայքարի իր հաստատութենական շրջանակը՝ կիրառելով նոր հակափտածութեան ռազմավարութիւնը շարք մը ուղղութիւններով։

Բազմաթիւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, ըստ Պետական Քարտուղարութեան, հաղորդած են անազատութեան մէջ գտնուող անձերու նկատմամբ իրաւապահներու կողմէ բռնութեան կամ խոշտանգումներու դէպքերու զգալի աճի մասին եւ կը պնդեն, որ նման վարքագիծը կը դառնայ համակարգային եւ յաճախ կը մնայ անպատիժ:

Զեկոյցը կը յաւելէ, ու մարդու իրաւունքներու լուրջ խնդիրները կը ներառեն հաւաստի հաղորդագրութիւններ խոշտանգումներու կամ դաժան անմարդկային, կամ արժանապատուութեան նուաստացնելու, պատիժներ կառավարութեան կողմէ, կամայական ձերբակալութիւն կամ կալանաւորում, լուրջ խնդիրներ համակարգի անկախութեան հետ կապուած, կամայական կամ անօրինական միջամտութիւն անձնական կեանքին, յանցագործութիւններ, որ կը ներառեն բռնութիւն կամ բռնութեան կոչեր միասեռականներու դէմ եւ մանկական աշխատանքի ամենավատ ձեւերու առկայութիւն։

Պետական Քարտուղարութեան տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է, որ կառավարութիւնը միայն սահմանափակ հաւաստի քայլեր կատարած է նախկին կամ գործող պետական պաշտօնեաներու եւ իրաւապահներու կողմէ մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումները հետաքննելու եւ պատժելու համար։ Ինչպէս նաեւ կ’ըսուի, որ հաղորդագրութիւններ չկան 2020 թուականի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու կամ անհատներու կողմէ կատարուած ենթադրեալ չարաշահումներուն վերաբերեալ կառավարութեան հետաքննութեան ընթացքի որեւէ յառաջընթացի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment