Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի Բանտին Մէջ Հացադուլ Յայտարարած Է

Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի Բանտին Մէջ Հացադուլ Յայտարարած Է

by MassisPost

2023-ի Սեպտեմբեր 28-էն Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը Ապրիլ 5-էն հացադուլ յայտարարած է, կը տեղեկացնէ Վարդանեանի ընտանիքը։

Արցախի նախկին պետական նախարարը կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալները։

Ընտանիքը կը նշէ, որ հացադուլը սկսելէ յետոյ դադրեցուած են անոր հեռախօսազանգերը։ Ընտանիքը սա միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններու բացայայտ խախտում կ’որակէ, նաեւ նշելով, որ Յունուարին սպասուող դատաքննութիւնը առանց պատճառի տեղափոխուած է մինչեւ Մայիս:

Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեանը յայտնած է, որ խորապէս մտահոգուած է հօր առողջութեամբ եւ վիճակով: «Աւելի քան 200 օր մենք չենք տեսել նրան: Ապրիլի 5-ից՝ հացադուլն սկսելուց ի վեր, նրա հետ բացարձակապէս կապ չենք ունեցել»,- նշած է Դաւիթ Վարդանեան

Վարդանեանի ընտանիքը կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անյապաղ մուտքի հնարաւորութիւն տայ Միջազգային Կարմիր Խաչին՝ Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս բանտարկեալներուն վիճակը գնահատելու համար, վերականգնէ հեռախօսակապը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է ներառէ բոլոր հայ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, «COP 29»-ը պէտք չէ տեղի ունենայ Ատրպէյճանի մէջ՝ առանց նշուած քայլերու իրագործման։

Ատրպէյճանական կողմը Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլին մասին չէ յայտնած:

Ռուբէն Վարդանեանը Սեպտեմբեր 27-ին Լաչինի միջանցքի Հաքարիի կամուրջի անցակէտին վրայ ձերբակալուեցաւ, ապա 4 ամիսով կալանաւորուեցաւ։ Ան կը մեղադրուի «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման», «ապօրինի զինուած կազմաւորումներու կամ խմբաւորումներու ստեղծման եւ գործունէութեան մասնակցելու», «Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինի հատելու» յօդուածներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment