Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մամուլի Ազատութեան Ցուցակ 2024» Զեկոյցին Մէջ Հայաստանը Բարելաւած Է Դիրքը

«Մամուլի Ազատութեան Ցուցակ 2024» Զեկոյցին Մէջ Հայաստանը Բարելաւած Է Դիրքը

by MassisPost

«Լրագրողներ Առանց Սահմանների» (RSF) կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Մամուլի ազատութեան ցուցակ 2024» զեկոյցը:

Ցուցակը, որ կը գնահատէ լրագրողներու աշխատանքային պայմանները աշխարհի շուրջ 180 երկրի մէջ, հրապարակուած է Մայիս 3-ին՝ Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը։

Հայաստանը ցուցակին մէջ բարելաւած է իր դիրքերն ու յայտնուած է 43-րդ հորիզոնականին վրայ։ Նախորդ տարի կը զբաղեցնէր 49-րդ հորիզոնականը։

Նշուած է, որ թէեւ երկրին մէջ առկայ է բազմակարծութեան միջավայր, սակայն լրատուամիջոցները կը շարունակեն բեւեռացուած մնալ․ «Երկիրը կը բախի ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի աննախադէպ մակարդակի, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային վէճի եւ Ատրպէյճանի հետ պատերազմի շարունակուող սպառնալիքին հետ կապուած»։

«Մամուլի ազատութեան ցուցակ»ին մէջ հարեւան Վրաստանը՝ 103-րդ, Ատրպէյճանը՝ 164-րդ, Թուրքիան՝ 158-րդ, իսկ Իրանը՝ 176-րդ հորիզոնականին վրայ են:

Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի հիմնական լրատուական աղբիւրները ընկերային ցանցերն են, ուր ամէն օր մուտք կը գործէ բնակչութեան երկու երրորդը:

Շեշտուած է, որ յատկապէս զգայուն են երկու քաղաքական թեմաներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղային զտումները եւ Հայաստանի ու Ռուսաստանի յարաբերութիւններու լարուածութիւնը, իսկ որոշ քաղաքական խումբեր ապատեղեկատուական գործողութիւններ կ’իրականացնեն եւ կը թիրախաւորեն լրագրողները։

Ըստ զեկոյցին՝ չնայած զրպարտութեան ապաքրէականացման եւ լրատուամիջոցներու սեփականութեան թափանցիկութիւնը երաշխաւորող օրէնսդրութեան կիրառման, ոլորտը կարգաւորող օրէնսդրական դաշտը բաւարար չափով չի պաշտպաներ մամուլի ազատութիւնը եւ չի հետեւիր եւրոպական չափանիշերուն:

Զեկոյցի«ն մէջ նաեւ անդրադարձ կատարուած է լրագրողներու անվտանգութեան խնդիրներուն։ Նշուած է, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին բախումները կը բարդացնեն լրագրողներուն աշխատանքը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment