Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Կը Պնդէ, Որ «Հայ Հոգեւորականները Պէտք Է Հեռանան Դադիվանքէն»

Պաքուն Կը Պնդէ, Որ «Հայ Հոգեւորականները Պէտք Է Հեռանան Դադիվանքէն»

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերով պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Կուրպանլին ըսած է, որ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան» Դադիվանքէն:

Անոր խօսքերով` «հայերը որեւէ կապ չունին այդ վանական համալիրին հետ»: «Այն կը պատկանի կովկասցի ալպանացիներուն, եւ վաղ թէ ուշ անոր կառավարումը պիտի իրականացուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ», ըսած է կրօնական հարցերով պետական կոմիտէի ղեկավարը:

Ատրպէյճանցիները Քելբաջարի շրջանինն մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը Խուտավենկ կը կոչեն: 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ այն կը գտնուի ռուս-խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment