Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վահագն Խաչատուրեանը Գալիֆորնիոյ Նահանգապետը Հրաւիրած Է Հայաստան

Վահագն Խաչատուրեանը Գալիֆորնիոյ Նահանգապետը Հրաւիրած Է Հայաստան

by MassisPost

ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Սաքրամենթօ քաղաքին մէջ հանդիպած է Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեվին Նիւսըմի հետ։

Հանդիպման մեկնարկին Կեվին Նիւսըմը, ողջունելով նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, շնորհակալութիւն յայտնած է Գալիֆորնիա այցելութեան համար։ Իր հերթին, հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար։

Զրոյցի ընթացքին երկուստեք բարձր գնահատուած է Հայաստան-ԱՄՆ աւելի քան երեք տասնամեակի սերտ եւ բազմաշերտ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով։ Շեշտուած է, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունի հայկական համայնքը, որ առաւելապէս ներկայացուած է Գալիֆորնիոյ մէջ։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի եւ մասնաւորապէս Գալիֆորնիա նահանգի հետ բազմոլորտ համագործակցութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար շարք մը առումներով։

Նախագահը նշած է, որ վերջին տարիներուն հայաստանեան տնտեսութեան մէջ իր դիրքերը էականօրէն ամրապնդած է բարձր արհեստագիտական ոլորտը, եւ քանի որ այդ բնագաւառի շարք մը խոշորագոյն ընկերութիւններ ներկայացուած են Գալիֆորնիոյ մէջ՝ «Սիլիքոնային հովիտին մէջ», անհրաժեշտութիւն յառաջացած է խթանել Հայաստանի եւ Գալիֆորնիոյ համագործակցութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին նահանգապետ Կեվին Նիւսըմը հետաքրքրուած է վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան զարգացումներով եւ մասնաւորապէս Քովիտի համավարակի եւ համավարակին յաջորդած շրջանին պետութեան կողմէ իրականացուած միջոցառումներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment