Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հինգ Մարզի Եւ «Զուարթնոց»-ի Մէջ Տեղակայուած Ռուս Սահմանապահ Եւ Զինուորական Կէտերը Պիտի Դադարեցնեն Իրենց Տեղակայումը.

Հինգ Մարզի Եւ «Զուարթնոց»-ի Մէջ Տեղակայուած Ռուս Սահմանապահ Եւ Զինուորական Կէտերը Պիտի Դադարեցնեն Իրենց Տեղակայումը.

Թուրքիոյ Եւ Իրանի Սահմանին Անոնք Պիտի Մնան

by MassisPost

Ռուս սահմանապահները դուրս պիտի գան Հայաստանի շարք մը մարզերէ, բայց պիտի մնան հայ-թրքական եւ հայ-իրանեան սահմանին, յայտարարած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը։ Համաձայնութիւնը, ըստ անոր, ձեռք բերուած է վարչապետ Փաշինեանի ու նախագահ Փութինի միջեւ նախօրէին Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ։

Աւելի վաղ այդ մասին նաեւ Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը գրած էր։

Համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Գեղարքունիքի, Արարատի մարզերուն մէջ տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը պիտի դադրեցնեն իրենց տեղակայումը եւ դուրս գան այդ կէտերէն։

Փաշինեան-Փութին՝ աւելի քան մէկ ժամ շարունակուած բանակցութիւններէն այլ մանրամասնութիւններ այս պահին կողմերը չեն հաղորդած։ Հանդիպման հիմնական մասը, ինչպէս միշտ, անցած է փակ դռներու ետին։ Առանձնազրոյցէն առաջ՝ լրագրողներու համար բաց հատուածին մէջ Փաշինեան նշած էր, որ կուտակուած խնդրներ կան՝ թէ՛ երկկողմ յարաբերութիւններու, թէ՛ տարածաշրջանի մասով։ Փութինն ալ արձագանգած էր՝ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր կան, չմանրամասնելով՝ ճշգրիտ ինչի շուրջվտանգ կը տեսնէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment