Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքի Ապաշրջափակման Հարցը Կը Շարունակէ Արդիական Մնալ. Պետական Քարտուղարութիւն

Լաչինի Միջանցքի Ապաշրջափակման Հարցը Կը Շարունակէ Արդիական Մնալ. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի տեղակալ Վետանթ Փաթելը հաւաստիացուցած է, որ Լաչինի միջանցքով մարդոց, փոխադրութեան եւ առեւտուրի ազատ տեղաշարժի անհրաժեշտութեան մասին ԱՄՆ-ի յայտարարութիւնները ուժի մէջ են:

Հերթական ճեպազրոյցի ժամանակ անոր հարցում ուղղած են. «Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անտեսած է Պետական Քարտուղարութեան կողմէ նախապէս կատարուած բոլոր կոչերը` ապաշրջափակելու ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը: Արդեօք այս վարչակազմը այլ քայլեր ունի՞, այլ քայլերու կը մտածէ ձեռնարկել` համոզուելու, որ ճանապարհը ապաշրջափակուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական գրեթէ աղէտալի իրավիճակը բարելաւուի»:

Ի պատասխան Փաթել նշած է. «Մենք չենք վերլուծած մեր խօսքերը Լաչինի միջանցքով մարդոց, փոխադրութեան եւ առեւտուրի ազատ տեղաշարժի անհրաժեշտութեան մասին: Այդ կը շարունակէ մնալ արդիական, եւ մենք պիտի շարունակենք ուղղակիօրէն բարձրաձայնել այդ հարցը մեր հայ գործընկերներուն հետ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment