Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տաւուշէն Երեւան Իշխանափոխութեան Յոյսով

Տաւուշէն Երեւան Իշխանափոխութեան Յոյսով

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկար սպասուած սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացը սկսաւ Տաւուշի շրջանէն, ուր Հայաստան համաձայն գտնուեցաւ 90-ական թուականէն ասդին Հայկական կողմի հսկողութեան տակ գտնուող մի քանի ամայացած գիւղեր վերադարձնել Ատրպէյճանին։ Հայաստանի իշխանութիւններու այս քայլը մտահոգութիւն յառաջացուց սահմանամերձ շրջաններու ու յատկապէս Կիրանցի ժողովուրդին մօտ, որոնց գիւղի ճիշտ մօտէն կ՛անցնի նոր գծուած սահմանը։ Վարչապետ Փաշինեան մի քանի անգամներ հանդիպեցաւ Տաւուշցիներու հետ լսելու համար անոնց արդարացի մտահոգութիւնները ու խոստացաւ լուծումներ տալ բոլոր հարցերուն։

Ըստ գոյացած համաձայնութեան սահմանազատման առաւելութիւնը այն պիտի ըլլայ որ, հոն պիտի տեղակայուին սահմանապահ ուժեր եւ ոչ թէ երկու կողմի բանակները, այդպիսով իսկ պակսեցնելով բախումներու հաւանականութիւնը։

Մինչ այս գործընթացը տեղի կ՛ունենար հրապարակ ելաւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ ու ընդդիմադիր հանրահաւաքներու մասնակից Բագրատ սրբազանը, որ շահագործելով սահմանամերձ ժողովուրդի անհանգստութիւնները՝ կը փորձէ կասեցնել սահմանագծման գործողութիւնները։

Այժմ ան իր կարգ մը համախոհներով սկսած է քալել դէպի Երեւան եւ յոյս ունի, որ հոն իրենց պիտի միանան հազարաւոր ժողովուրդ ու պիտի կարողանան պարտադրել, որպէսզի կառավարութիւնը ետ կանգնի իր քայլերէն։ Անշուշտ Բագրատ սրբազանի հրապարակաւ յայտարարած նպատակը այդ է, սակայն թաքուն ծրագիրը իշխանափոխութիւն իրականացնել է։ Հոն հասնելու համար ան պէտք է կարողանայ իր հետ ունենալ մի քանի տասնեակ հազար ժողովուրդ, որ պատրաստ է օրեր շարունակ լեցնելու Հանրապետութեան հրապարակը, ինչպէս որ պատահեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութեան օրերուն՝ Փաշինեանի առաջնորդած համաժողովրդական շարժումի ընթացքին։

Աւանդական ընդդիմութիւնը, որուն անցեալի փորձերը՝ փողոցային ցոյցերու միջոցաւ տապա-լելու Փաշինեանի իշխանութիւնը մատնուեցան ձախողութեան, զգուշաւորութեամբ եւ առանց շատ երեւնալու կը հետեւի Բագրատ սրբազանի շարժումին։ Երեւան հասնելով եթէ շարժումը աւելի մեծ թափ ստանայ մենք արդէն կրնանք տեսնել ընդդիմութեան առաջնորդներու յայտնուիլը հրապարակի վրայ։ Այլապէս այս շարժումը եւս կրնայ ուշքը կորսնցնել կարճ ժամանակուայ ընթացքին։

Առ այժմ իշխանութիւնները մտահոգուած չեն երեւիր, սակայն միւս կողմէ կը գիտակցին, որ հասարակութեան մօտ կան այլ հարցերով դժգոհ խաւեր, որոնք կրնան հրապարակ դուրս գալ այս առիթով։ Այդ պատճառաւ Փաշինեան հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիս՝ բացատրելու համար այն դրդապատճառները, որոնք զինք մղած են ընդունիլ՝ սահմանագծման գործընթացը սկսիլ Տաւուշի շրջանէն եւ ընթանալ միակողմանի զիջումներու ճանապարհով։ Վարչապետի տեսակէտը այն է, որ այդ գիւղերը վերադարձնելով Ատրպէյճանի ձեռքէն կը խլուի նոր պատերազմ սկսելու պատրուակը։ Պատերազմ մը, որ կրնայ մի քանի հարիւր երիտասարդի մահուան պատճառ դառնալ։ Փաշինեան կը պնդէ, որ այդ աննշան տարածքները յանձնելով ճամբայ կը հարթուի Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Հայկական հողերը վերադարձնելու համար՝ հիմնուելով Ալմա Աթայի հռչակագրին վրայ, որուն համաձայն խորհրդային նախկին հանրապետութիւնները կը ճանչնան միմիանց սահմանները, ինչպէս որ էր Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն։

Այս բոլորով հանդերձ, երաշխիք չկայ, որ Պաքուն նոր պահանջներով հանդէս չգայ ու նոր զիջումներ չպահանջէ Հայկական կողմէ ու արդէն իսկ կը խօսի ութը անկլաւներու մասին, որոնք կը գտնուին Հայաստանի սահմաններէն ներս, սակայն անցեալին բնակեցուած էին ատրպէյճանցիներով։

Հայաստանի ժողովուրդը հաւանաբար կարողանայ «մարսել» այս վերջին զիջումը, սակայն իշխանութիւնները պէտք է տեղ մը կարմիր գիծ քաշեն՝ հասկցնելու համար Ատրպէյճանին, որ այլեւս զիջելու տեղ չկայ ու յառաջիկայ բոլոր գործընթացները պէտք է կատարուին փոխադարձութեան հիման վրայ։ Ինչպէս որ «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով հաստատակամութիւն ցոյց տրուեցաւ, նոյնը պէտք է վերաբերի Հայկական այլ տարածքներուն։

Գ․ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment