Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Պիտի Չմասնակցի ՀԱՊԿ Գործունէութեան Ֆինանսաւորման․ ԱԳՆ

ՀՀ-ն Պիտի Չմասնակցի ՀԱՊԿ Գործունէութեան Ֆինանսաւորման․ ԱԳՆ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ գործունէութեան ֆինանսաւորման: Այս մասին Factor.am-ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան՝ կը յայտնէ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնպահ կը մնայ «Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրի կազմակերպութեան 2024թ. պիւտճէի մասին» ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի՝ 2023թ. Նոյեմբեր 23-ի որոշման միանալուց եւ դրանով նախատեսուած՝ կազմակերպութեան գործունէութեան ֆինանսաւորմանը մասնակցելուց, միաժամանակ՝ չառարկելով տուեալ որոշման՝ սահմանափակ ձեւաչափով ընդունմանը»,- յայտնեց խօսնակը։ Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը աւելի վաղ ըսած էր, որ Հայաստանը կը պատրաստուի ձեռնպահ մնալու ՀԱՊԿ-ի ֆինանսաւորումէն։ Նշենք, որ Հայաստանը թէեւ դուրս չէ եկած ՀԱՊԿ-էն, սակայն չի մասնակցիր կառոյցի աշխատանքներուն, այդ շարքին՝ համատեղ զօրավարժութիւններուն։

Նիկոլ Փաշինեանը երկրի թիւ մէկ քաղաքական ամպիոնէն յայտարարած է, որ ՀԱՊԿ-ը տէ իւրէ կը հրաժարի արձանագրելէ իր պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանի մէջ եւ պատշաճ չէ արձագանգած ՀՀ անվտանգային մարտահրաւէրներուն, աւելին՝ Հայաստանի համար անվտանգային խնդիրներ յառաջացուցած է։

Վերջերս ան նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանը տէ ֆաքթօ սառեցուցած է անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին։ Յաւելենք, որ շուրջ կէս տարուայ դադարէ յետոյ Փաշինյեան կը հանդիպի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Փորձագէտները չեն բացառեր, որ հանդիպման օրակարգին վրայ կրնայ ըլլալ նաեւ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հարցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment