Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՎԶԵԴ-ը Աւելի Քան 200 Միլիոն Եւրոյի Վարկ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

ՎԶԵԴ-ը Աւելի Քան 200 Միլիոն Եւրոյի Վարկ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

by MassisPost

Սիւնիքի մէջ մաքսային եւ լոկիսթիք կեդրոն պիտի կառուցուի:

Սիւնիքի մէջ մաքսային եւ լոկիսթիք կեդրոն կառուցելու համար Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը (ՎԶԵԴ) Հայաստանին պիտի տրամադրէ 12 միլիոն եւրօ, որմէ երկու միլիոնը դրամաշնորհ է, 10 միլիոնը՝ վարկ: Այս մասին տեղեկութիւն տրուած է e-gov.am կայքէջով:

Կեդրոնը պիտի կառուցուի «Հիւսիս-հարաւ»-ին հարող 7.7 հա հողատարածքին մէջ, նշուած է որոշման հիմնաւորման մէջ:

«Ծրագրի շրջանակներուն մէջ կը նախատեսուի կառուցել վարչական շէնք՝ տանիքը արեւային կայանով: Կեդրոնի տարածքին պիտի ըլլան մուտքի եւ ելքի ուղղութեամբ փոխադրութեան մանրամասն զննման, մաքսային ձեւակերպումներու, բեռնատար փոխադրութեան ստուգման եւ զննման մասնաշէնքեր, մարդատար փոխադրութեան ստուգման եւ զննման հարթակ եւ այլ ենթակառուցուածքներ», – ըսուած է հիմնաւորման գրութեան մէջ:

ՎԶԵԴ-ը 236 միլիոն եւրոյի վարկ պիտի տրամադրէ Սիսիան-Քաջարան ճանապարհի կառուցման համար

Հայաստանը Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան հետ նաեւ 236 միլիոն եւրոյի չափով վարկային համաձայնագիր պիտի կնքէ՝ «Հիւսիս-հարաւ»-ի Սիսիան-Քաջարան ճանապարհի հարաւային հատուածի կառուցումը ֆինանսաւորելու նպատակով, այս մասին առաջարկը ընդունուեցաւ կառավարութեան նիստին:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէել Սանոսեան ներկայացուց. «Սիսիան-Քաջարան շուրջ 60 քմ նոր ճանապարհահատուածը մասնատել ենք երեք հատուածների, հիւսիսային, Բարգուշատի փապուղի եւ հարաւային: Այս նախագիծը վերաբերում է հարաւային հատուածին՝ 24,2 քմ հատուածին: Ընդհանուր առմամբ նախագիծը 60 քմ հատուած է եւ առկայ 118 քմ ճանապարհը կը կրճատի, կը դարձնի 60 քմ Քաջարանից մինչեւ Սիսիան»:

Ըստ նախարարին, շինարարական աշխատանքներուն համար կը նախատեսուի մինչեւ 2030 թուական ժամկէտ եւ եւս 2 տարի յաւելեալ այլ պատասխանատուութիւններու համար։

 

7) Ապրիլին Հայաստան Այցելած Է 163 Հազար 970 Զբօսաշրջիկ

https://armenpress.am/arm/news/1136596.html

 

 

 

 

 

 

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment