Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նախագահ Խաչատուրեան Սան Ֆրանսիսքոյի Եւ Յարակից Շրջաններու Հայ Համայնքին Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

Նախագահ Խաչատուրեան Սան Ֆրանսիսքոյի Եւ Յարակից Շրջաններու Հայ Համայնքին Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

by MassisPost

ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպած է Սան Ֆրանսիսքոյի եւ յարակից շրջաններու հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ հակիրճ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը եւ զարգացման միտումները։

Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս անդրադարձած է երկրի տնտեսական համակարգին մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուածութեան ու դերակատարութեան՝ նկատի ունենալով, որ հանդիպման ներկայ համայնքի ներկայացուցիչներու աշխատանքային գործունէութիւնը կ’առնչուի այդ բնագաւառին:

Նախագահ Խաչատուրեան մեծապէս կարեւորած է հայ համայնքին հետ հանդիպումները՝ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան համար Սփիւռքի անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը:

Նախագահը այնուհետեւ հարցուպատասխանի ժամանակ հանգամանօրէն անդրադարձած է իր այցի նպատակներուն, այցի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ու քննարկումներուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ խօսած է Սփիւռքի ներուժի լիարժէք օգտագործման անհրաժեշտութեան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment